Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զանգեզուրի Միջանցքը Հայաստանի Պարտաւորութիւնն Է». Կը ՊնդԷ Ալիեւ

«Զանգեզուրի Միջանցքը Հայաստանի Պարտաւորութիւնն Է». Կը ՊնդԷ Ալիեւ

by MassisPost

«Զանգեզուրի միջանցքը Հայաստանի պարտաւորութիւնն է, որ ստանձնած է», Շուշիի մէջ յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ` ելոյթ ունենալով Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օրուան» առիթով հանդիսաւոր միջոցառման:

«Երկու տարի է մենք ձեռք չենք տար Լաչինի ճանապարհով Հայաստանէն Ղարաբաղ եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկող ինքնաշարժներուն: Մենք պարտաւորութիւն վերցուցած ենք եւ կը կատարենք զայն: Հայաստանը նոյնպէս պարտաւորութիւն ստանձնած է, որպէսզի ճանապարհային կապ ըլլայ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ: Անցած է երկու տարի, չկայ տեխնիկա-տնտեսական հիմնաւորում, գործողութիւն, երկաթգիծ, ճանապարհ: Որքա՞ն պէտք է սպասենք», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը` չյստակացնելով, թէ երբ եւ ինչ փաստաթուղթերով պաշտօնական Երեւանը «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրականացման հարցով պարտաւորութիւն ստանձնած է:

Ալիեւը իր ելոյթին մէջ նաեւ պնդած է, որ Հայաստանը պէտք է իմանայ` Ատրպէյճանի բանակը աւելի ուժեղ է, քան երկու տարի առաջ: «Ինչպէս կառուցուածքային բարեփոխումները, այնպէս ալ նոր կազմաւորումներու ստեղծումը, միեւնոյն ժամանակ, առկայ կազմաւորումներու թիւին յաւելումը, անոնց զէնք-զինամթերքով մատակարարումները, նոր տեխնիկական յագեցուածութիւնը կ’իրականացուին ամենաբարձր մակարդակով: Ատրպէյճանական բանակը այժմ աւելի ուժեղ է, քան երկու տարի առաջ էր, եւ այդ պէտք է իմանան բոլորը` Հայաստանը եւ իւրաքանչիւր ոք», վստահեցուցած է Ատրպէյճանի առաջնորդը:

Իլհամ Ալիեւը նաեւ ըսած է, որ Պաքուն ոչ ոքէ չի վախնար` «եթէ վախնար, երբեք Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը չէր սկսեր»:

«Թէեւ պատերազմը աւարտած է երկու տարի առաջ, այդուհանդերձ կան մտահոգիչ պահեր», յայտարարած է Ալիեւ` խօսքը ուղղելով «հայ ժողովուրդին». «Երեսուն տարուան բռնագրաւման դառնութիւնը հիմա անոնք կը տեսնեն` ինչ է բռնագրաւում, ինչ է կորուստները: Մենք անոնց ուղղակի պատասխանած ենք` կռուած ենք մեր հողին վրայ, բռնագրաւողը քշած ենք մեր հողերէն: Սա պէտք է հասկնան, որպէսզի չդառնան այն շրջանակներուն զոհը, որոնք դուրսը նստած` երկրորդ անգամ կ’ուզեն այս տարածաշրջանին նայիլ որպէս խաղադաշտ»:

Ալիեւ յաւելած է, որ Հայաստանը պէտք է իմանայ, որ «ներկայիս շրջանակներուն մէջ» Ատրպէյճանին կը զսպէ ոչ թէ Հայաստանի ինչ-որ հովանաւորի յայտարարութիւն, այլ Պաքուի «սեփական քաղաքականութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment