Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայերու Հոսքը Դէպի Հայրենիք Գրեթէ Կրկնապատկուած Է

Հայերու Հոսքը Դէպի Հայրենիք Գրեթէ Կրկնապատկուած Է

by MassisPost

Ազգային Վիճակագրական Կոմիտէն տուեալներ հրապարակած է  2021-2022 թուականներու Յունուար-Սեպտեմբերին ՀՀ այցելած զբօսաշրջիկներու աշխարհագրական բաշխուածութեան վերաբերեալ: Ըստ այդմ` 2022 թուականի հաշուետու ժամանակաշրջանին Հայաստան այցելած է 1 միլիոն  239 հազար 394 զբօսաշրջիկ` 2 անգամ աւել նախորդ տարուան Յունուար-Սեպտեմբերի համեմատ: 2021 թուականի նոյն ժամանակահատուածին, ՀՀ այցելած է 615 հազար 239 զբօսաշրջիկ: Մասնաւորապէս Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող 570 հազար 844 զբօսաշրջիկ այցելած է հաշուետու ժամանակաշրջանին` 2.4 անգամ աւելի նախորդ տարուայն նոյն ժամանակահատուածին համեմատ: Նախորդ տարի Հայաստան այցելած էր Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող 239 հազար 240 զբօսաշրջիկ:

Յատկանշական է, որ աճած է նաեւ Հայաստան այցելած ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող զբօսաշրջիկներու թուաքանակը: Մասնաւորապէս ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող 210 հազար 118 զբօսաշրջիկ այցելած է հայրենիք` նախորդ տարուան 127 հազար 727 զբօսաշրջիկի դիմաց:

Հարեւան Վրաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող զբօսաշրջիկներուն այցելութիւնը Հայաստան նոյնպէս նախորդ տարուան նկատմամբ աճած է 2.8 անգամ` 115 հազար 539 զբօսաշրջիկ 2022-ին` 2021-ի 41 հազար 886 զբօսաշրջիկի դիմաց: ԱՄՆ քաղաքացիութիւն ունեցող 41 հազար 568 անձ այս տարի այցելած է Հայաստան` նախորդ տարուան 24 հազար 628 զբօսաշրջիկի դիմաց, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող 90 հազար 734 զբօսաշրջիկ` նախորդ տարուան 69 հազար 170 զբօսաշրջիկի դիմաց: Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող քաղաքացիներու հոսքը Հայաստան հաշուետու ժամանակաշրջանին նոյնպէս աւելցած է 2․9 անգամ․ այս տարի այդ թիւը կազմած է 6 հազար 300` նախորդ տարուայ 2  հազար 165-ի դիմաց: Նուազած է մասնաւորապէս Ուքրանիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող զբօսաշրջիկներու թուաքանակը այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին` կազմելով 12 հազար 967 մարդ` նախորդ տարուան 15 հազար 669 զբօսաշրջիկի դիմաց: Ընդհանուր առմամբ Հայաստան այցելած գրեթէ բոլոր երկիրներու քաղաքացիութիւն ունեցող զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ: Մասնաւորապէս Գերմանիայէն, Շուէտէն, Զուիցերիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Չեխիայէն, Չինաստանէն: Մասնաւորապէս Չինաստանէն այս տարի 3 հազար 745 զբօսաշրջիկ այցելած է` 9․9 անգամ աւելի 2021-ի Յունուար-Սեպտեմբերին այցելած զբօսաշրջիկներու թուաքանակի (378 մարդ) նկատմամբ:

Այս տարի աճած է նաեւ Հայաստանէն մեկնած զբօսաշրջիկներուն թուաքանակը: Մասնաւորապէս 802 հազար 224 մարդ մեկնած է Յունուար-Սեպտեմբերին` նախորդ տարուան 297 հազար 373 զբօսաշրջիկի դիմաց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment