Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նախագահը Իրաքի Նախագահին Հետ Հանդիպման Ընթացքին Մտահոգութիւն Յայտնած Է Ալիեւի` Արաբական Երկիրները Հայաստանի Դէմ Տրամադրելու Փորձերուն Առնչութեամբ

ՀՀ Նախագահը Իրաքի Նախագահին Հետ Հանդիպման Ընթացքին Մտահոգութիւն Յայտնած Է Ալիեւի` Արաբական Երկիրները Հայաստանի Դէմ Տրամադրելու Փորձերուն Առնչութեամբ

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային ուխտի կողմերիու 27-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպած է Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտին:

Վահագն Խաչատուրեան նշած է, որ Իրաքը կը հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի վստահելի գործընկերը եւ Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ այդ երկրին հետ բազմոլորտ համագործակցութեան խորացումը:

Իրաքի նախագահը ընդգծած է, որ Իրաքի մէջ ապրող հայերը կը վայելեն Իրաքի իշխանութիւններուն աջակցութիւնը եւ իրենք բարձր կը գնահատեն հայ-իրաքեան սերտ յարաբերութիւնները: Անոր խօսքով` վերջին տարիներուն երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան մէջ արձանագրուած է դրական աշխուժութիւն, որ երկկողմ տնտեսական լուրջ ներուժի նախանշան է, եւ զայն իրացնելու ուղղութեամբ հարկաւոր է ջանքեր գործադրել:

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդգծած է, որ Հայաստանը հիանալի յարաբերութիւններ ունի իսլամական, այդ շարքին` արաբական երկիրներու ճնշող մեծամասնութեան հետ: Այս ծիրին մէջ նախագահ Խաչատուրեան մտահոգութիւն յայտնած է Արաբական Պետութիւններու Լիկայի գագաթաժողովի ծիրին մէջ օրերս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ունեցած ելոյթին առնչութեամբ, որուն մէջ ան շահարկած է կրօնական գործօնը Հայաստանի դէմ ուղղուած իր մեղադրանքներուն մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի կրօնական երանգ հաղորդելով եւ փորձելով իսլամական, այս պարագային` արաբական երկիրները տրամադրել Հայաստանի դէմ: Նախագահ Խաչատուրեան միանշանակ ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չունի եւ չի կրնար ունենալ կրօնական երանգ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը պայքարին իրենց հայրենիքին մէջ անվտանգ ապրելու եւ արարելու իրենց իրաւունքին համար:

Երկկողմ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել փոխադարձ շփումները` ուղղուած տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ու տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան աշխուժացման:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment