Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պլինքըն. Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Խիզախ Քայլեր Կ’ընեն` Խաղաղութեան Հասնելու Համար

Պլինքըն. Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Խիզախ Քայլեր Կ’ընեն` Խաղաղութեան Հասնելու Համար

by MassisPost

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը խիզախ քայլեր կ’ընեն` խաղաղութեան հասնելու համար, յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարը` Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալելով երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները: Պլինքըն ընդգծած է, որ այս հանդիպման նպատակն է զարգացնել այն դրական արդիւնքները, որոնք արձանագրուած են անցած մէկուկէս ամսուան մէջ` ամերիկեան կողմի նախաձեռնած քննարկումներուն մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան աւելի քան երեսուն տարիները ահռելի մարդկային ու նիւթական կորուստներու յանգեցուցած են, մարդկային կեանքեր խլել` թողելով սպիներ, որոնք խոր են: Բայց այժմ մենք երկու երկիրներէն ալ կը տեսնենք իրական ու համարձակ քայլեր` անցեալը ետին թողելու եւ դէպի կայուն խաղաղութեան երթալու ուղղութեամբ», ըսած է Էնթընի Պլինքըն:

«Ամերիկան` որպէս ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի բարեկամ, յանձնառու է ընելու ամէն ինչ, որ մենք ունակ ենք` աջակցելու ձեզ տեւական խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն մէջ, աջակցելու ձեզի այն կերպ, որ կրնանք: Սա, կը կարծեմ, աւելի լաւ ու պայծառ ապագայի հեռանկար է: Եւ ես կը դրուատեմ Ձեզ ու ձեր կառավարութիւնները` խիզախութեան ու այն յանձնառութեան համար, որ ի ցոյց կը դնէք այդ ճանապարհին»:

Սա Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն արդէն երկրորդ դէմ առ դէմ հանդիպումն է Սեպտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած արիւնալի բախումներէն յետոյ, որոնց ընթացքին ատրպէյճանական բանակը յառաջխաղացման գացած է Հայաստանի մէջ` բռնագրաւելով նոր տարածքներ:

«Ուղիղ երկխօսութիւնը իրական, տեւական խաղաղութեան տանելու լաւագոյն ձեւն է, եւ մենք ուրախ ենք աջակցելու անոր: Միացեալ Նահանգները լիովին կը սատարէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային անկախութիւնը», ըսած է պետական քարտուղարը:

Էնթընի Պլինքընի կարճ ելոյթէն յետոյ հանդիպումը շարունակուած է դռնփակ կարգով:

Այն կ’անցնէր Սպիտակ տունէն քիչ հեռու` հիւրերուն համար նախատեսուած նախագահական առանձնատան մէջ: Ամերիկեան կողմէ բանակցութիւններուն կը մասնակցէին պետական քարտուղարին` եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտն ու ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը:

Հանդիպումներէն յետոյ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն` Միրզոյեանը եւ Պայրամովը Ուաշինկթընի մէջ «միտքեր փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան պայմանագրի տարրերու վերաբերեալ եւ արձանագրած, որ առկայ են շարք մը խնդիրներ, որոնք հասցէագրման կարիք ունին»: Նախարարները «պայմանաւորուած են թափ հաղորդել իրենց բանակցութիւններուն ու եւս մէկ հանդիպում ունենալ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին»:

«եԵրկու կողմերը վերահաստատած են Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ եւ Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստանձնած յանձնառութիւնները», կը փոխանցէ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Հանդիպումէն առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը ըսած էր, որ Պաքուն Հոկտեմբերի սկիզբը Ժընեւի մէջ հայկական կողմին փոխանցած է «խաղաղութեան պայմանագրի ընդլայնուած տարրերը, որոնք հիմնուած են աւելի վաղ Ատրպէյճանի ներկայացուցած հինգ սկզբունքներուն վրայ»: Թէ ինչ կ’ենթադրեն այդ տարրերը, Ճէյհուն Պայրամովը չէր մանրամասնած, սակայն յոյս յայտնած էր, որ հայկական կողմը Ուաշինկթընի մէջ դրական կ’արձագանքէ անոնց:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը Հոկտեմբերի սկիզբը խորհրդարանի ամբիոնէն հաստատած էր, որ նման առաջարկներ փոխանցուած են, եւ որ հայկական կողմը զանոնք կ’ուսումնասիրէ:

«Անշուշտ, կան բաներ, որոնք մենք դեռ կը վերլուծենք եւ անպայման կ’արձագանգենք, բաներ պիտի ըլլան, որոնք կրկին մեզի համար ընդունելի պիտի ըլլան, բաներ պիտի ըլլան` ընդունելի պիտի չըլլան, պիտիըլլան առաջարկներ, որոնք մենք պիտի առաջարկենք ներգրաւելու», յայտարարած էր Արարատ Միրզոյեանը` առանց մանրամասնութիւններու:

Երեւանն ու Պաքուն լրջօրէն կը ձգտին խաղաղութեան, յայտարարած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս` մեկնաբանելով նախօրէին ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ կայացած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը:

«Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Նոյեմբեր 7-ին Blair House-ի մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, որպէսզի նպաստէ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի յառաջմղման», կ’ըսուի Փրայսի հաղորդագրութեան մէջ:

Անոր մէջ ամերիկացի պաշտօնեան նաեւ յաւելած է․ «Երէկուան հանդիպումը կը վկայէ, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը երկխօսութեան աշխուժացման ճանապարհով լրջօրէն կը ձգտին խաղաղութեան: Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան աջակցման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment