Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուս Քաղաքացիներու Կողմէ Հայաստանի մէջ Ձեռք Բերուած Անշարժ Գոյքը 252-ով Կը Գերազանցէ Նախորդ Տարուան Նոյն Ժամանակահատուածին

Ռուս Քաղաքացիներու Կողմէ Հայաստանի մէջ Ձեռք Բերուած Անշարժ Գոյքը 252-ով Կը Գերազանցէ Նախորդ Տարուան Նոյն Ժամանակահատուածին

by MassisPost

Այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն կողմէ Հայաստանի մէջ ձեռք բերուած անշարժ գոյքը զգալիօրէն կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին: 2021 թուականին Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Ռուսիոյ քաղաքացիները Հայաստանի մէջ ձեռք բերած են 562 անշարժ գոյք, իսկ 2022-ին` 814, այսինքն` 252-ով աւելի, քան նախորդ տարի: Այս մասին Civic.am-ին տեղեկացուցած են Կադաստրի Կոմիտէէն` համաձայն մեր գրաւոր հարցման:

Կադաստրի Կոմիտէի տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն` Ռուսիոյ քաղաքացիները այս տարի ամենամեծ թիւով անշարժ գոյք ձեռք բերած են Երեւանի մէջ` թիւով 455 անշարժ գոյք, որոնց մեծ մասը բնակարաններ են բազմաբնակարան բնակելի շէնքերու մէջ: Իսկ Կոտայքի մարզը այդ առումով երկրորդ հորիզոնականին է` 100 անշարժ գոյք ձեռք բերուած է:  Յաջորդը Շիրակի մարզն է, ուր Ռուսիոյ քաղաքացիները ձեռք բերած են թիւով 59 անշարժ գոյք, թէ՛ Տաւուշի, թէ՛ Արմաւիրի մէջ` 43 անշարժ գոյք, եւ Լոռիի ու Արարատի մէջ` 31: Ի թիւս այլ մարզերու` Ռուսիոյ քաղաքացիները այս տարի Սիւնիքի մէջ եւս ձեռք բերած են անշարժ գոյք` թիւով 10, գրեթէ նոյնքան, որքան նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին` Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն: Հայաստանի այն մարզը, ուր ամենաքիչը ձեռք բերուած է անշարժ գոյք Ռուսիոյ քաղաքացիներուն կողմէ, Վայոց ձորն է` ընդամէնը 5-ը:

Ռուսիոյ քաղաքացիներուն կողմէ Հայաստանի մարզերու մէջ ձեռք բերուած հողակտորներու թիւը  կրկին կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածը: 2021-ի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն կողմէ ձեռք բերուած է 98 հողակտոր Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ, մինչդեռ այս տարուան նշուած ժամանակահատուածին` 129 հողակտոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment