Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վլատիմիր Փութին. «Ռուսիա Պիտի Սատարէ Որեւէ Որոշման, Որ Ընդունելի Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Համար»

Վլատիմիր Փութին. «Ռուսիա Պիտի Սատարէ Որեւէ Որոշման, Որ Ընդունելի Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Համար»

by MassisPost

Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ պէտք է հանդիպին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները:

Նախօրէին Ռուսիոյ ղեկավարը մասնակցած է «Վալտայան ակումբ»ի քննարկումներուն եւ մեկնաբանած է միջազգային քաղաքական ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող հիմնական զարգացումները:

Պատասխանելով հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացին մասին հայ փորձագէտ Ալեքսանտր Իսկանտարեանի հարցին, Վլատիմիր Փութին նշած է, որ Ռուսիան հաւանութիւն պիտի տայ Հայաստանի համար ընդունելի որեւէ տարբերակին, սակայն իր կողմէ որեւէ ճնշում պիտի չբանեցնէ:

Փութինի փոխանցմամբ, Ռուսիան տարիներ շարունակ երկխօսութիւն վարած է հայկական կողմին հետ եւ առաջարկած է Ղարաբաղի խնդիրը կարգաւորել մէկ տարբերակով, ըստ որուն՝ Հայաստանը պէտք է Ատրպէյճանին վերադարձնէր 7 շրջաններէն 5-ը:

«Հայաստանը հսկողութիւն ունէր Ատրպէյճանի 7 շրջաններու նկատմամբ: Մենք կ’ըսէինք` երթանք յարաբերութիւններու բարելաւման: Կան երկու մեծ շրջաններ` Քելբաջարը եւ Լաչինը, ինչ-որ փուլի վերադարձուցէք Ատրպէյճանին մնացած 5 շրջանները, անոնք պէտք չեն, դատարկ են, մարդիկ հեռացած են, զանոնք փաստօրէն վտարած են այնտեղէն: Ինչո՞ւ պահել, որեւէ իմաստ չկայ: Իսկ Ղարաբաղի հետ կապի համար այդ երկու շրջանները` հսկայական, ի դէպ, միանգամայն բաւական են, այդ նաեւ արդար պիտի ըլլար` փախստականները պիտի վերադառնային: Այդ լաւ քայլ պիտի ըլլար նաեւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացնելու համար: Բայց հայկական ղեկավարութիւնը գնաց իր ճանապարհով, եւ այդ յանգեցուց այն վիճակին, որ այսօր հաստատուած է», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Անդրադառնալով կարգաւորման տարբերակներուն, Փութին ըսած է, որ Ռուսիոյ դիրքորոշումն այն է, որ այդ պայմանագիրը, ի հարկէ, անհրաժեշտ է:

«Եւ մենք կ’աջակցինք խաղաղ կարգաւորման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման եւ սահմանի խնդիրի ամբողջական կարգաւորման: Մենք անոր կողմնակիցն ենք, իսկ թէ ո՞ր տարբերակը ընտրել` այդ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան գործն է: Որեւէ պարագային, որ տարբերակն ալ ընտրուի` եթէ այն պիտի բերէ խաղաղութեան, մենք կողմ պիտի ըլլանք», ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

Ան ընդգծած է, որ Մոսկուան այս հարցով մտադիր չէ որեւէ բան պարտադրել կամ թելադրել հայկական կողմին:

«Եթէ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի ներկայիս ղեկավարութիւնը կը համարեն, որ պէտք է ընտրել խաղաղութեան պայմանագրի տարբերակներէն մէկը, որքան ես գիտեմ, «ուաշինկթընեանը» կ’ենթադրէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւն ամբողջ Ղարաբաղի վրայ: Եթէ Հայաստանը այդպէս կը համարէ` խնդրեմ: Մենք պիտի սատարենք հայ ժողովուրդի որեւէ որոշման: Եթէ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը համարեն, որ Ղարաբաղը ունի իւրայատկութիւններ, որ հարկ է զանոնք հաշուի առնել եւ ներառել ապագայ խաղաղ պայմանագրի մէջ, ապա այդ ալ հնարաւոր է, բայց անպայման այդ պէտք է համաձայնեցնել նաեւ Ատրպէյճանի հետ: Այդ շատ բարդ, յիրաւի, շատ ծանր հարց է», նշած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

Անոր խօսքով` Հայաստանը կը հանդիսանայ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերը եւ դաշնակիցը, ուստի Ռուսիան, նկատի առնելով նաեւ Ատրպէյճանի շահերը, կողմնորոշուած պիտի ըլլայ դէպի այն առաջարկները, որոնք ինք Հայաստանը պիտի ներկայացնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment