Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 103-րդ Տարեժողովը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 103-րդ Տարեժողովը

by MassisPost

Հինգ տարիներու բացակայութենէ ետք, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Տարեժողովը եւ Ճաշկերոյթը վերադարձաւ Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի, ուր կը գնուի անոր գլխաւոր Կեդրոնատեղին։  Ընկերակցութեան 103րդ տարեկան Համաժողովը տեղի ունեցաւ Բըրէմըսի Հայ Երիցական Եկեղեցիին մէջ՝ Շաբաթ Հոկտեմբեր 22, 2022-ին։ Աւետարանչականի Նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեանի անակնկալ բացակայութեան պատճառով, ժողովը վարեց Ընկերակցութեան փոխ Նախագահ՝ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս։ Հայաստանի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի Աւագ Հովիւ՝ Վեր. Հովհաննես Հովսեփյան մատուց բացման աղօթքը եւ կարճ խորհրդածութիւն մը։ Խորհրդածութիւնը հիմնուած էր Եսայի 40. 1-3  համարներուն վրայ։ Վեր Հովսեփյան կեդրոնանալով Հայ ժողովուրդի առջեւ այսօր տիրող իրավիճակին վրայ, ըսաւ. «Անորոշութեան, կորուստներու, տնտեսական ճգնաժամի ժամանակ՝ երբ մեր վերահսկողութենէն դուրս բաներ տեղի կ’ունենան. պատերազմի, անկայունութեան ժամանակ՝ երբ հզօր պետութիւններ կը լսեն կամ կը միջամտեն միայն իրենց օգտին. երբ կը թուի թէ ալ յոյս չկայ, եւ ոչ ոք պատրաստ է օգնելու. երբ կը թուի, թէ այս է վերջը, Աստուած կը խօսի Իր  ժողովուրդին Իր հաւատարիմ մարգարէին միջոցով եւ կը յիշեցնէ մեզի Բարի Լուրը»։ Ապա ան ներկաներուն կոչ ըրաւ «Այս անորոշ ժամանակներուն, անյայտ ապագայի անապատային այս ժամանակներուն, ըլլալ այն ձայնը, որ քնքշութեամբ կը խօսի կորածներուն հետ՝ բարձրաձայն աղաղակելու եւ հռչակելու Բարի Լուրը՝ Աւետարանը անոնց, որոնք կը տառապին եւ պատրաստեն Տէրոջ ճանապարհը մեր ժամանակներու անապատին մէջ»։

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան ներկայացուց 2021-2022 տարեշրջանի Ընկերակցութեան գործունէութիւններու տեղեկատուութիւնը։ Տեղեկագրութիւններ ներկայացուեցան նաեւ Աւետարանչականի Նախագահին, Յանձնախումբերու Ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Միութիւններու, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի եւ յարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն։ Անոնք զեկուցեցին անցնող տարեշրջանի իրենց գործունէութիւններուն մասին, ներկաներուն հետ կիսեցին իրենց ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ փառք տուին Աստուծոյ իրենց իրականացուցած բոլոր գործունէութիւներուն համար՝ յետ COVID համաճարակի շրջանին։

Տարեկան Համաժողովի աւարտին կարդացուեցան անունները Աւետարանչականի Վարչութեան նորընտիր անդամներուն, որոնք ընտրուած էին երեք տարուան ծառայութեան համար՝ փոխարինելու իրենց ծառայութեան շրջանը աւարտած անդամները.- ԼինտաՔէյ Ապտուլեան, Պրայըն Աղպապեան, Կրէկօրի Պիլիզէքեան, Ֆիլիս Տոհանեան, Վեր. Դոկտ. Հայկ Խրլոփեան, Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան, Իրաւափան Մարք Գասապեան, Արտա Մելքոնեան եւ Միշել Սիմուրեան։

Աւետարանչականի 103-րդ տարեկան ժողովը եզրափակուեցաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ եւ Իսի-լէ-Մուլինոյի՝ Ֆրանսա, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Ժոէլ Միքայելեանի փակման աղօթքով։

Աւետարանչականի տարեկան Համաժողովին առընթեր, Հոկտ. 20-21 օրերուն տեղի ունեցան նաեւ Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովները։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ Աւետարանչականի Տարեժողովի Պաշտամունքը Բըրէմըսի Հայ երիցական եկեղեցիին մէջ։ Միհրան Ճիզմէճեան մատուց Հայերէն քարոզը իսկ Վեր. Դոկտ. Հայկ Խրլոփեան մատուց Անգլերէն քարոզը։

Պաշտամունքի ընթացքին յատուկ աղօթք մատուց Վեր. Յարութ Խաչատրեան՝ Լոս Անճելոսի Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի հովիւը՝  յիշելով այն բոլոր Աւետարանչականի անդամները, որոնք անցնող տարեշրջանին այս կեանքէն անցան յաւիտենականութեան։ Իսկ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի անդամներուն պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը կատարեց Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան՝ Գործադիր Տնօրէնը Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի։

«Յատուկ շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել Հայ Երիցական Եկեղեցիի անդամներուն եւ անոր հովիւ՝ Վեր. ՃոզէՖ Կարապետեանի իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Կ’աղօթենք որ Աստուած շարունակէ առատօրէն օրհնել այս Եկեղեցին եւ անոր ծառայութիւնը Պըրկըն Քաունթիի շրջանին մէջ» ըսաւ Պր. Խանճեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment