Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ինթըրփոլի Գլխաւոր Քարտուղար Եուրկէն Շթոքը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ինթըրփոլի Գլխաւոր Քարտուղար Եուրկէն Շթոքը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ինթըրփոլի գլխաւոր քարտուղար Եուրկէն Շթոքը: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ Ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեանը:

Վարչապետը ողջունած է Շթոքի այցը Հայաստան եւ կարեւորած է ՀՀ Ոստիկանութեան եւ Ինթըրփոլի միջեւ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումն ու ընդլայնումը: Նիկոլ Փաշինեան վստահութիւն յայտնած է, որ այցի շրջանակին մէջ տեղի ունեցող քննարկումները նոր ազդակ պիտի հաղորդեն շուրջ երեք տասնամեակ շարունակուող փոխգործակցութեան, աւելի պիտի բարձրացնեն համատեղ աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը` յանցաւորութեան դէմ պայքարին մէջ:

Ինթըրփոլի գլխաւոր քարտուղարը բարձր գնահատած է ՀՀ Ոստիկանութեան հետ համագործակցութեան մակարդակը եւ անդրադարձած է յառաջիկային նախատեսուող համատեղ ծրագիրներուն ու փոխգործակցութեան օրակարգին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment