Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Առարկած Է ՌԴ ԱԳՆ Ներկայացուցիչի Յայտարարութիւններուն

ԱՄՆ Առարկած Է ՌԴ ԱԳՆ Ներկայացուցիչի Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

ԱՄՆ իր առարկութիւնը յայտնած է ընդդէմ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի բազմիցս կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու Պրիւքսէլի եւ Ուաշինկթընի ջանքերը կը կրեն բացառապէս գովազդային բնոյթ:

Անդրադառնալով այս հարցին` ԱՄՆ Պետական Քարուղարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայս ճեպազրոյցի մէջ յայտարարած է. «Ինքնագովազդման ոչինչ կայ ձգտման մէջ` վերջ դնելու բազմամեայ հակամարտութիւններուն եւ սրացումներուն, որոնք յանգեցուցած են բռնութեան եւ մարդկային զոհերու: Այստեղ մեր միակ նպատակն է տեսնել եւ օգնել այս երկիրներուն միասին աշխատելու` հասնելու համապարփակ եւ ամուր խաղաղութեան: Չեմ գիտեր, թէ ինչ կայ անոր մէջ գնահատելու որպէս ինքնագովազդ», ըսած է Փրայս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment