Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Հռոմի Պապին Ներկայացուցած Է Տարածաշրջանին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Արարատ Միրզոյեան Հռոմի Պապին Ներկայացուցած Է Տարածաշրջանին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Վատիկան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է Հռոմի Պապին հետ եւ ներկայացուցած է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը` ընդգծելով մարդասիրական հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը, եւ այս առթիւ Ֆրանչիսքոս Պապին փոխանցած է ՀՀ վարչապետին ուղերձը:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան փոխանցմամբ` Արարատ Միրզոյեան Սրբազան Քահանայապետին փոխանցած է հայ ժողովուրդին ու կառավարութեան ջերմ ողջոյնները: Նախարարը նշած է, որ իր Վատիկան այցը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելենական տարուան մէջ, եւ այն լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու դարաւոր պատմական կապերու եւ նոյնական հոգեւոր արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմ յարաբերութիւնները:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը, ըստ հաղորդագրութեան, երախտագիտութիւն յայտնած է 44-օրեայ պատերազմին եւ յաջորդած շրջանին Հռոմի Պապին կողմէ հնչեցուցած խաղաղութեան բազմաթիւ ուղերձներուն եւ կոչերուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment