Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Փափաքիմ Որ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կնքուի Մինչեւ Տարեվերջ. Փաշինեան

Կը Փափաքիմ Որ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կնքուի Մինչեւ Տարեվերջ. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի գործադրէ բոլոր հնարաւոր ջանքերը, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի մինչեւ տարեվերջ: Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցուպատասխանին` անդրադառնալով «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-էն Լուսինէ Բադալեանի հարցին:

Բադալեան հետաքրքրուեցաւ, թէ ո՞ր փուլին են այս պահին բանակցութիւնները, արդեօք մինչեւ այս տարուան վերջ հաւանակա՞ն է խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը: Պատգամաւորը նաեւ մէջբերեց լրագրողներու պարբերաբար հնչող հարցը` արդեօք իսկապէս հաւանակա՞ն է խաղաղութեան պայմանագիրը, որքանո՞վ այդ պայմանագիրը կը նշանակէ բարեկամութիւն թշնամիներու հետ:

«Անկեղծ պէտք է ասեմ` ես ցանկանում եմ եւ կը ցանկանամ, որ այն կնքուի մինչեւ այս տարեվերջ: Ինչքանով է դա իրատեսական. ես այդ հարցին կը պատասխանեմ հետեւեալ կերպ` ես եւ կառավարութիւնը բոլոր հնարաւոր ջանքերը կը գործադրենք, որ դա լինի իրատեսական: Մենք յոյս ունենք, եւ դա կարեւոր նրբութիւն է, որ մինչեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը աւարտուած լինեն սահմանազատման աշխատանքները: Ինչքանով է դա իրատեսական. եթէ հաշուի առնենք, որ Փրակի մէջ մենք պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել, որ դա տեղի է ունենալու 1991 թուականի սահմանների հիման վրայ, դա կարող է լինել իրատեսական, քանի որ այդ սահմաններն ըստ էութեան յայտնի են», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը շատ կարեւորեց, որ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն սկսի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Սա շատ կարեւոր հանգամանք է, ու ԼՂ հայութեան իրաւունքներու եւ պաշտպանութեան որոշակի տեսանելի մեխանիզմներ պէտք է ըլլան:

«Թշնամանքը եւ ընդհանրապէս իրավիճակը պէտք է կառավարուի, քանի որ, երբ դա կառավարելի չէ, կարող է բերել միայն վնաս: Մնացածը, աւելի բարձր յայտարարութիւններ, ցաւօք, կամ բարեբախտաբար, չեմ կարող անել: Բայց, որ ամէն ինչը պէտք է կառավարուի, այդ թւում` թշնամանքը, դա ինձ համար փաստ է», ըսաւ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment