Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրենք Փալոն Չի Բացառեր Անվտանգային Ոլորտին Մէջ ԱՄՆ-ի Օգնութիւնը

Ֆրենք Փալոն Չի Բացառեր Անվտանգային Ոլորտին Մէջ ԱՄՆ-ի Օգնութիւնը

by MassisPost

Ամերիկայէն Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին, ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրենք Փալոն յայտնած է, որ անվտանգային հարցերու մէջ ԱՄՆ Հայաստանի մէջ աշխոյժ չէ եղած, բայց հիմա իրավիճակը կը փոխուի:

«Իմ նպատակներէս մէկը այն է, որ մենք քիչ մը աւելի մեծ դեր կրնանք խաղալ, ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Արցախի անվտանգութեան տիրոյթին մէջ, եւ, ես կը կարծեմ, որ մտահոգիչ է, որ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ նոյնպէս վտանգուած են ինչ-որ առումով, որովհետեւ Ռուսիան կրնայ որոշել, որ այլեւս չի փափաքիր այնտեղ խաղաղապահ զօրք ունենալ», ըսած է Փալոն` չբացառելով նաեւ անվտանգային ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը․ «Բացառապէս չեմ բացառեր: Կը կարծեմ, որ չափազանց կարեւոր է, որ այս պահուն մենք սկսինք դեր խաղալ, եւ միշտ համարած եմ, որ շատ լաւ պիտի ըլլար Հայաստանի համար, որ Հայաստանը Եւրոմիութեան մաս ըլլար եւ աւելի սերտ շփում ունենար ՆԱԹՕ-ի հետ: Կը կարծեմ, որ շատ լաւ հնարաւորութիւն է հիմա, թերեւս անհրաժեշտութիւն է այդ ուղղութեամբ նայիլը այս պահուն Հայաստանի համար, որովհետեւ ռուսական անվտանգութեան պայմանադաշինքը, կարծես թէ Հայաստանը չի ընդգրկեր»:

Փալոն ընդգծած է, որ անվտանգային առումով Հայաստանի մէջ աշխոյժ չեն եղած, քանի որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմախարիսխ կայ եւ Հայաստանը կ’անդամակցի ՀԱՊԿ-ին, որու կազմին մէջ է նաեւ Ռուսիան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment