Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House. «Հայաստանի Մէջ Համացանցը Ազատ Է»

Freedom House. «Հայաստանի Մէջ Համացանցը Ազատ Է»

by MassisPost

Freedom House-ը հրապարակած է Համացանցի ազատութեան 2022 թուականի զեկոյցը, որուն համաձայն, Հայաստանը հռչակուած է «ազատ երկիր»:

Անցած տարիներու ընթացքին Հայաստանը, որպէս կանոն, եղած է «ազատ երկիրներ»ու ցանկին մէջ: Բացառութիւնը 2017 թուականն է, երբ 2016-ի համեմատութեամբ արձանագրուելած է նահանջ եւ Հայաստանը բնորոշուած է որպէս «մասամբ ազատ»: Անկէ յետոյ Հայաստանի մէջ համացանցի վիճակը մշտապէս ազատ համարուած է:

Այդ անուանակարգին մէջ տեղ գտնելու համար երկիրներուն միաւորներ կը տրուին` 100-էն 70 համախառն միաւոր կը ստանան «ազատ երկիրները», 69-էն 40` «մասամբ ազատները» եւ ամենաանմխիթար վիճակի մէջ գտնուող 39-էն 0 ստացածները կը համարուին «ոչ-ազատ երկիրներ»:

Այդ միաւորներն ալ կը գոյանան երեք գործօններու վերլուծութեամբ` 0-էն 25 միաւորներու սանդղակով կը գնահատուի տուեալ երկրին մէջ համացանցի մատչելիութիւնը, 0-էն 35 միաւորով` բովանդակութեան սահմանափակումը եւ 0-էն 40 միաւորով օգտատիրոջ իրաւունքներու ոտնահարումը:

Հայաստանը այս նոր զեկոյցին մէջ ստացած է ընդհանուր 74 միաւոր եւ «ազատ երկիր» հռչակուած է: Մատչելիութիւնը` 20 միաւոր, բովանդակութեան սահմանափակումը` 28 եւ օգտատիրոջ իրաւունքներու ոտնահարումը` 26:

Նշենք, որ Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ ընդամէնը 4 միաւոր զիջած է հարեւան Վրաստանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment