Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանակցութիւններուն Մէջ Ատրպէյճանը Չ’առաջարկեր Ունենալ Ճանապարհ, Որ Պիտի Ունենայ Նոյն Կարգաւորումները, Ինչ Լաչինի Միջանցքը. Միրզոյեան

Բանակցութիւններուն Մէջ Ատրպէյճանը Չ’առաջարկեր Ունենալ Ճանապարհ, Որ Պիտի Ունենայ Նոյն Կարգաւորումները, Ինչ Լաչինի Միջանցքը. Միրզոյեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները բանակցութիւններուն մէջ չեն պնդեր եւ չեն առաջարկեր ունենալ ճանապարհ, որ պիտի ունենայ նոյն կարգաւորումները, ինչ Լաչինի միջանցքը: Այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը` անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարի յայտարարութեան առ այն, թէ իբր «Ատրպէյճանը իրաւացիօրէն կ’ըսէ, թէ Լաչինի միջանցքը եւ «Զանգեզուրի միջանցքը» պէտք է ունենան նոյն կարգավիճակը»:

Միրզոյեան ընդգծեց, որ այդ ձեւակերպման մէջ մեծ չափազանցութիւն կայ, Ատրպէյճանը այդպիսի բան չ’ըսեր:

«Բանակցութիւններում Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները չեն պնդում եւ չեն առաջարկում ունենալ ճանապարհ, որը կ’ունենայ նոյն կարգաւորումները, ինչ Լաչինի միջանցքը: Եթէ պարոն Չաւուշօղլուն իր կողմից այս բաղադրիչն է մտցնում բանակցութիւններում, ապա երեւի լաւ կը լինի, որ իր անունից ասի: Ատրպէյճանն այդպիսի բան չի ասում», ըսաւ Միրզոյեան:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծեց, որ իրաւացիօրէն որեւէ կողմ չի ալ կրնար այսպիսի բան պնդել, քանի որ կարգաւորումները տրուած են 2020  թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ եւ հետագային նաեւ` 2021 թուականի Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութեամբ: Երկու յայտարարութիւններն ալ հրապարակային են:

«Այնտեղ կայ Լաչինի միջանցք, որը կեանքի ճանապարհ է ԼՂ հայութեան համար եւ կայ յաջորդիւ տարածաշրջանի ճանապարհային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման թեմա: Խօսւում է նաեւ Նախիջեւանի հետ նոր կապուղու մասին: Մենք այս առումով մեր դիրքորոշումը բազմիցս յայտնել ենք, այն չի փոփոխուել, բոլոր ճանապարհները` այդ թւում եւ գործողները, եւ ենթադրաբար նոր կառուցուելիքները, պէտք է գործեն այն երկրների ինքնիշխանութեան եւ օրէնսդրութեան ներքոյ, որոնց տարածքով անցնում են», ըսաւ Միրզոյեան:

Նախարարը նշեց, որ իր անհատական  ընկալմամբ այս առումով որոշակի յառաջընթաց կայ: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ բանակցութիւնները յառաջիկային յաջողութեամբ կրնան աւարտիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment