Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տէյվիտ Փրայս Ընդգծած Է Ատրպէյճանական Ստորաբաժանումներու` Անյապաղ Ելման Դիրքեր Վերադառնալու Անհրաժեշտութիւնը

Տէյվիտ Փրայս Ընդգծած Է Ատրպէյճանական Ստորաբաժանումներու` Անյապաղ Ելման Դիրքեր Վերադառնալու Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Ժողովրդավարական Գործընկերութեան Յանձնախումբի (ԺԳՀ) նախագահ Տէյվիդտ Փրայսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ ընդգծած է հայ-ամերիկեան փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը` Հայաստասնի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու հետեւողական իրականացման գործին մէջ:

Վարչապետը նշած է, որ ՀՀ քաղաքացիները միանշանակօրէն ընտրած են ժողովրդավարութեան ուղին եւ ՀՀ կառավարութիւնը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ իրականացնել ժողովրդավարական բարեփոխումներու հարուստ օրակարգը: Կառավարութեան ղեկավարին խօսքով` վերջին շրջանին հայ-ամերիկեան աշխոյժ շփումներն ու բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները էապէս կը նպաստեն ռազմավարական երկխօսութեան շարունակական զարգացման:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակման եւ կարեւորած է Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս` միջազգային հանրութեան համարժէք ու հասցէական արձագանգը: Միաժամանակ, վարչապետը շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն անվտանգութեան ու իրաւունքներու ապահովման կարեւորութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը:

Տէյվիտ Փրայս շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ողջունած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման միտուած հետեւողական քայլերը: Ան եւս ընդգծած է հայ-ամերիկեան սերտ փոխգործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը` ի նպաստ տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու զարգացման ու ամրապնդման:

Ներկայացուցիչներու Պալատի Ժողովրդավարական Գործընկերութեան Յանձնախումբի նախագահը անթոյլատրելի համարած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժումը ու նշած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու` անյապաղ ելման դիրքեր վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը: Տէյվիտ Փրայս դատապարտած է հայ զինուորներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու կողմէ անմարդկային վերաբերմունքն ու գործողութիւնները: Միաժամանակ, նաան կարեւորած է մինչ օրս Ատրպէյճանումի մէջ պահուող ռազմագերիներու վերադարձին ապահովումը:

Վարչապետը բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ի ջանքերը այդ հարցով:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment