Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախնական Հաշուարկներով Կը Սպասուի 11 Տոկոս Տնտեսական Աճ. ՀՀ Նախագահը Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Աճին Խթանող Գործօնները

Նախնական Հաշուարկներով Կը Սպասուի 11 Տոկոս Տնտեսական Աճ. ՀՀ Նախագահը Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Աճին Խթանող Գործօնները

by MassisPost

Համաշխարհային տնտեսութեան համար դժուարին իրավիճակի պայմաններուն մէջ Հայաստանի մէջ նախնական հաշուարկներով այս տարեվերջին կ’ակնկալուի 11 տոկոս տնտեսական աճ: Հայաստանի տնտեսութեան մէջ նկատուող աճի համար յաւելեալ խթան հանդիսացած են նաեւ մեծ թիւով օտարերկրեայ ընկերութիւններու Հայաստան տեղափոխուիլը, արձանագրուիլը, աշխատուժի ներհոսքը: Այս եւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ արձանագրուած ու նկատուող զարգացումներուն մասին խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը` Պուլկարիոյ Սուրբ Քլիմենթ Օհռիտսքի անուան համալսարանին մէջ «Հայաստանի տնտեսութիւն. Առերեսուելով համընդհանուր եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն» խորագրով դասախօսութեան:

Խաչատուրեան նախ խօսեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տարբեր ժամանակներուն արձանագրուած անկման մասին, յիշեցուց 2009 թուականի ֆինանսական ճգնաժամին մասին, որուն ազդեցութենէն անմասն չէր մնացած նաեւ Հայաստանը: Ապա` խօսեցաւ նաեւ 2016-ի տնտեսական անկումէն, որ պայմանաւորուած էր Ռուսիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառմամբ: Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը շատ խոր համարկուած է Ռուսիոյ տնտեսութեան: Հայաստանը 2013-էն կը հանդիսանայ ԵԱՏՄ-ի անդամ: Սակայն Խաչատուրեան շեշտեց, որ միաժամանակ Հայաստանը շատ աշխոյժ կը համագործակցի ԵՄ-ի հետ, անցեալ տարի ուժի մէջ մտած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: «Մենք կարողանում ենք օգտուել ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնից, միաժամանակ ունենք 170 միլիոնանոց ԵԱՏՄ, որից կարող ենք օգտուել: Այդ թւում` նաեւ պուլկարական առեւտուրի ներկայացուցիչները կարող են օգտուել այդ առաւելութիւնից` օգտագործելով Հայաստանի տարածքը», նշեց նախագահը:

Հայաստանի տնտեսութեան յաջորդ խոր անկումը նկատուած է 2020 թուականին` Քովիտի, պատերազմի ազդեցութեամբ պայմանաւորուած:  Իսկ 2021-ին կրկին արձանագրուած է տնտեսական աճ:

«Այս տարի աննախադէպ տնտեսական աճ է լինելու, նախնական հաշուարկներով` 11 տոկոս: Կարծում եմ` այսօրուայ համաշխարհային տնտեսութեան ճգնաժամի պայմաններում այսպիսի տնտեսական աճ գրանցելը բաւականին հետաքրքիր է, մասնագէտների ուսումնասիրութեան կարիք ունի, բայց Հայաստանը կարողացել էէ», ըսաւ Խաչատուրեան:

Խօսելով տնտեսական նման բարձր աճի պատճառներէն` ՀՀ նախագահը նշեց, որ ռուս-ուքրանական հակամարտութենէն յետոյ Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ուքրանիոյ կողմէ դէպի Հայաստան աշխատուժի ներհոսքը էականօրէն մեծցած է: Այդ ներհոսքը հիմնականին մէջ ապահոված են տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի որակեալ մասնագէտներ: «Եւ հաշուի առնելով ՀՀ տնտեսական, յատկապէս հարկային քաղաքականութիւնը` մօտ 70 ընկերութիւններ գրանցուեցին Հայաստանում: ՀՀ կառավարութիւնն էլ շատ արագ արձագանգեց այդ ընկերութիւնների պահանջներին: Եւ բարենպաստ պայմանները գրաւեցին ռուսական, ուքրանական եւ պելառուսական` բարձր արհեստագիտական, տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներին, որ հիմնուեն Հայաստանում: Իսկ դա լրացուցիչ տնտեսական խթան է մեզ համար: Մենք մինչեւ հիմա շարունակում ենք առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել այդ բնագաւառին, օտարերկրեայ ընկերութիւններին, որոնք արդէն դարձել են հայկական ընկերութիւններ, որովհետեւ իրենք պաշտօնապէս այլեւս այն ընկերութիւնները չեն, որոնք կային», ըսաւ նախագահը:

Խաչատուրեանը տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստան եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը էականօրէն աճած է` այս տարուան առաջին կիսամեակին հասնելով 589 հազարի, ապրանքներու արտահանման ծաւալը եւս էապէս աւելցած է դէպի Ռուսիա: Անոր խօսքով` դրամական փոխանցումները, որոնք միշտ դեր ունեցած են Հայաստանի կեանքին մէջ, եթէ նախապէս եղած են ՀՆԱ-ի 10-12 տոկոսը, ապա այս տարի կը կազմեն մօտ 18 տոկոս:

Թէ ինչու Հայաստանը գրաւիչ է` նաան պարզաբանեց, որ լաւ կարգաւորումներու, բաւական մատչելիութեան եւ ազատութեան համար: Առեւտուր արձանագրելը Հայաստանի մէջ կը տեւէ 1 օր, նոյնիսկ ժամեր, քանի որ արձանագրութիւնը կը կատարուի ելեկտրոնային եղանակով, դրամատնային համակարգին մէջ հաշիւ բանալու խնդիր եւս չկայ:

Նախագահը ընդգծեց նաեւ Հայաստանէն արտահանման ծաւալներու յաւելման, գործազրկութեան մակարդակի նուազեցման եւ այլ ցուցանիշներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment