Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեան Այցելած Է Կանտինակար Քաղաքին Մէջ Բացուած «DEFEXPO» Ցուցահանդէս

Սուրէն Պապիկեան Այցելած Է Կանտինակար Քաղաքին Մէջ Բացուած «DEFEXPO» Ցուցահանդէս

by MassisPost

Հնդկաստան աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Կանտինակար քաղաքին մէջ բացուած «DEFEXPO» ցուցահանդէս: Սուրէն Պապիկեանը շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներով, ծանօթացած է ներկայացուած ցուցանմուշներուն, զրուցած է շարք մը ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Այցի շրջանակին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպած է Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Շրի Ռաճնաթ Սինկհի հետ: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են համագործակցութեան ներկայ մակարդակին վերաբերեալ, քննարկուած են համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, երկկողմ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան շարք մը մհարցեր:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է ատրպէյճանական վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է միջազգային ատեաններուն մէջ Հնդկաստանի յստակ դիրքորոշման համար: Հանդիպման աւարտին Սուրէն Պապիկեան իր գործընկերոջ հրաւիրած է պաշտօնական այցով այցելել Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment