Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն «Անիրատեսական» Կը Համարէ Սահմանի Անցակէտերը Բանալու Երեւանի Առաջարկը

Պաքուն «Անիրատեսական» Կը Համարէ Սահմանի Անցակէտերը Բանալու Երեւանի Առաջարկը

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնըն «անիրատեսական» որակած է սահմանի անցակէտերը բանալու վերաբերեալ Երեւանի առաջարկը:

«Հայաստանը պէտք է հրաժարի կեղծ առաջարկներով 2020 թուականի Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ Զանգեզուրի միջանցքով մայրուղիները եւ երկաթուղային ճանապարհները միաւորելու մասին ստանձնած պարտաւորութենէն խուսափելու եւ 20 ամիս տեւող քննարկումները անտեսելու գործելակերպէն, այդ լաւ քաղաքականութիւն չէ», կ’ըսուի Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Թուիթըրի էջով:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի վաղ Թուիթըրի իր էջով գրած է, որ Պաքուն ամիսներ շարունակ չէ արձագանգած Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ կապը ապահովելու համար սահմանին երեք անցակէտ բանալու վերաբերեալ Երեւանի առաջարկին:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պնդած է, որ «Փրակի մէջ Հոկտեմբեր 6-ին Փաշինեանէն յստակ պատասխան չէ ստացած փոխադրութեան կապերու բացման նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ մայրուղիի երթուղիի հարցին»:

«Փոխադրութեան ուղիներու բացումը խաղաղ պայմանագրի բաղադրիչն է: Ըստ էութեան, այդ արդէն պէտք է տեղի ունենար, այդ 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնն է, որն առայսօր չէ իրականացուած», Փրակի մէջ ըսած է Ալիեւ:

«Այդ այլեւս ծիծաղելի չէ, բոլորը գիտեն, թէ ուրկէ պէտք է անցնի երկաթուղային եւ մայրուղիի ճանապարհը, մենք չենք հասկնար, թէ ինչու մեզի կամաւոր չեն տրամադրեր ճանապարհ դէպի Նախիջեւան: Պարտաւորութեան խախտումը, ի հարկէ, խայտառակ բան է, բայց մենք դեռ զսպուածութիւն կը դրսեւորենք: Համոզուած եմ, որ պիտի հասնինք մեր նպատակին, պարզապէս լաւ պիտի ըլլար, որ այդ ոչ թէ ուշ, այլ շուտ տեղի ունենար», ըսած է Ատրպէյճանի ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment