Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրան Սկսած Է Զօրավարժութիւնները Ատրպէյճանի Հետ Սահմանին

Իրան Սկսած Է Զօրավարժութիւնները Ատրպէյճանի Հետ Սահմանին

by MassisPost

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու միաւորումը զօրավարժութիւններ սկսած է Ատրպէյճանի հետ սահմանին, կը հաղորդեն իրանեան լրատուամիջոցները:

Զօրավարժութիւններե տեղի կ’ունենան «Ուժեղ Իրան» կարգախօսի ներքոյ:

Թեհրանի կողմէ յայտարարուած զօրավարժութիւններու նպատակն է զօրքերու ռազմական հզօրութեան բարձրացումը: Ինչպէս յայտարարած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու միաւորման ցամաքային զօրքերու հրամանատար Մոհամմատ Փաքփուրը` «հարեւան երկիրներու համար այս զօրավարժութիւններու ուղերձը խաղաղութիւնն է, բարեկամութիւնը եւ կայուն անվտանգութեան ամրապնդումը», իսկ Իրանի թշնամիներուն համար` «այն, որ Միաւորումը պատրաստ է պաշտպանելու երկրի սահմանները եւ վճռականօրէն դիմակայելու որեւէ սպառնալիքիէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment