Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայկական Կողմի Քայլերը Կը Կրեն Բացառապէս Պաշտպանական Բնոյթ»․ Երեւանը` Պաքուին

«Հայկական Կողմի Քայլերը Կը Կրեն Բացառապէս Պաշտպանական Բնոյթ»․ Երեւանը` Պաքուին

by MassisPost

Վարդենիսի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներու առկայութիւնը անմիջականօրէն կապուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ լրացուցիչ ուժերու եւ միջոցներու տեղաշարժով ու բացազատման հետ, որ յառաջացուցած է որոշակի լարուածութիւն, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը` մեկնաբանելով Պաքուի յայտարարութիւնը, թէ հայկական կողմը յաւելեալ ուժեր` հետեւակ եւ հրետանի կը կուտակէ Տաշքեսանի ուղղութեամբ:

Երեւանը կը նշէ, որ հայկական կողմի քայլերը իրականացուած են տուեալ գօտիին մէջ ատրբեջպէյճանական հրետանային եւ զենիթային յաւելեալ միջոցներու տեղակայումէ յետոյ եւ կը կրեն բացառապէս պաշտպանական բնոյթ:

Հայկական կողմի գործողութիւնները իրադրութիւնը լարելու նպատակ չունին, կը շեշտէ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ ատրպէյճանական կողմի` յիշատակուած միջոցները տուեալ ուղղութենէն դուրս բերելու պարագային, հայկական կողմը եւս դուրս պիտի բերէ իր յաւելեալ միջոցները:

«Հայկական կողմը պատրաստ է տուեալ հարցի շուրջ բանակցելու», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ պաշտօնական Պաքուն հաղորդած էր, որ Հոկտեմբեր 16-էն կը նկատեն զինուորներու եւ հրետանիի 4 միաւորներու տեղադրում Ատրպէյճանի բանակի դիրքերուն դիմաց` Տաշքեսանի ուղղութեամբ, նշելով որ «տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր սրման համար պատասխանատուութիւնը Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պիտի կրէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment