Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալէն Սիմոնեանի Տուեալներով Ատրպէյճանը Իր Իսկ Սանձազերծած Յարձակման Պատճառով 431 Զոհ Ունի

Ալէն Սիմոնեանի Տուեալներով Ատրպէյճանը Իր Իսկ Սանձազերծած Յարձակման Պատճառով 431 Զոհ Ունի

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի տուեալներով Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական վերջին յարձակման պատճառով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զոհերուն թիւը 431 է: Արցախի պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը:

«Այո՛, մենք ունեցանք զոհեր, մեր հակառակորդը ունեցաւ աւելի շատ զոհեր: Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է պաշտպանենք` թէկուզ զոհուելով: Կարծում եմ, Ատրպէյճանի յարձակումը մի քանի նպատակ է ունեցել` առաւելագոյն եւ նուազագոյն: Առաւեթագոյն նպատակը եղել է հնարաւորինս շատ տարածքային առաւելութիւն ունենալը, իսկ նուազագոյնը` ստուգել, տեսնել հայկական բանակի մարտունակութիւնը: Այն փաստը, որ Ատրպէյճանը հէնց առաջին ժամերին յայտարարեց, որ 70 զոհ ունի, խօսում է նրա մասին, որ իրենց զոհերի թիւը շատ աւելի շատ է: Իմ տուեալներով` նրանց զոհերի քանակը 431 է», ըսաւ Սիմոնեան:

Հայաստանի իշխանութիւնները մշտապէս առաջարկած են, որ Արցախը պէտք է  ներգրաւուած ըլլայ եւ ներգրաւուած է բոլոր քննարկումներու եւ հարցերուն մէջ, ըսաւ Ալէն Սիմոնեան:

«Մենք Արցախին առաջարկում ենք այն, ինչ-որ առաջարկել ենք մշտապէս` Արցախը ինքնուրոյն պէտք է ներգրաւուած լինի եւ ներգրաւուած է բոլոր քննարկումների ու հարցերի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միեւնոյն ժամանակ պէտք է առաւելագոյն ներգրաւուած լինի այդ խօսակցութիւնների մէջ», ըսաւ Սիմոնեան:

Արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ երբ կը փափաքին եւ ինչպէս կը փափաքին կը բանակցեն Արցախի հետ` Ալէն Սիմոնեան նշեց, որ մինչ օրս եղած են շատ հարցեր, որ Ատրպէյճանը քննարկած է եւ բանակցած է Արցախի իշխանութիւններուն հետ:

«Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանը գտնւում է մշտական կապի մէջ Արցախի օրինական իշխանութիւնների հետ շատ հարցերում: Նոյնիսկ լինում են դէպքեր, որ Արցախի իշխանութիւնները տեղեկութեան առումով աւելի շատ են տեղեկացուած լինում, քան մենք: Բնական է, որ հարեւան երկրի ղեկավարութիւնը պէտք է այլ ձեւակերպումներ տայ` Ստեփանակերտի տեղը ատրպէյճանական անուանում ասի եւ այլն, եւ այլն: Ես խնդրում եմ դիտարկել դա այդ տրամաբանութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, յիշենք բանակցային գործընթացը չի աւարտուել, որեւէ փաստաթուղթ, որի վրայ կարող ենք յղում անել, գոյութիւն չունի: Բնական է, ամէն մի կողմ իր տեսլականը եւ իր պատկերացումը ներկայացնում է», եզրափակեց Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment