Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Հայաստանի Աւելի Շատ Տարածքներ Գրաւելու Մտադրութիւններ Ունի, Պէտք Է Կանխել. Նիկոլ Փաշինեան

Ատրպէյճանը Հայաստանի Աւելի Շատ Տարածքներ Գրաւելու Մտադրութիւններ Ունի, Պէտք Է Կանխել. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին:

ԱՊՀ գագաթաժողովին Հայաստանի վարչապետը բարձրացուցած է ԱՊՀ երկիրներու միջեւ սահմանները ճանչնալու հարցը:

Ասթանայի մէջ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժամանակավրէպ համարած է ՀԱՊԿ-ի մէջ ԱՊՀ-ին դիտորդի կարգավիճակ տալու առաջարկին` բարձրացնելով երկու հիմնական հարց:

«Արդեօ՞ք ՀԱՊԿ-ը ճանաչում է 1991 հաստատուած ԱՊՀ երկրների պետական սահմանները որպէս ԱՊՀ հիմնարար փաստաթղթեր: Սա կարեւոր հարց է, քանի որ խօսքը ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտու եւ թոյլ տուէք ասել հէնց կազմակերպութեան գործառնութեան մասին է: Եթէ հիմնուենք մեկնաբանութիւնների վրայ, ըստ որոնց ԱՊՀ երկրների միջեւ սահմաններ գոյութիւն չունեն, քանի որ այդ սահմանները սահմանազատուած չեն, դա նշանակում է, որ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտին որոշուած չէ, այսինքն այն գոյութիւն չունի», ընդգծած է ՀՀ վարչապետը:

Փաշինեան նաեւ ըսած է, որ շատ կարեւոր է յստակ պատասխան տալ, թէ արդո՞ք ԱՊՀ երկիրները կը ճանչնան միմեանց միջեւ 1991-ին հաստատուած սահմանները որպէս ԱՊՀ հիմնարար փաստաթուղթեր եւ նշած է, որ այս հարցին դրական պատասխանը շատ կարեւոր է ԱՊՀ տարածքին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան համար:

Ան նշած է, որ այդ հարցերը Հայաստանի համար առանձնայատուկ սրութիւն ձեռք բերած են Հայաստանի դէմ Ատրպէճանի բոլորովին չհրահրուած վերջին ռազմական յարձակման պատճառով եւ ներկայացուցած է ատրպէյճանական զօրքերու յարձակման մասշտաբներն ու վայրագութիւնները:

Ան յայտնած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը գնդակոծած են Հայաստանի 36 բնակավայր: Աւելի քան 7 հազար 600 մարդ տեղահանուած է: Զոհերուն եւ անհետ կորսուածներուն թիւը գերազանցած է 210-ն, վիրաւորուած է 293 զինուոր եւ ութ խաղաղ բնակիչ: 28 զինուոր դեռ անհետ կորսուած են: Ատրպէյճանական կողմը ինք տարածած է խոշտանգումներու, գերեվարուած անձերու կամ արդէն մահացած զինուորականներու մարմիններու խեղման ցնցիչ տեսանիւթեր:

Փաշինեան ըսած է, որ Հայաստանը իրապէս անկեղծ նպատակադրուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեանը: Նշած է, որ անոր համար պէտք են քայլեր եւ Հայաստանի կառավարութիւնը ապացուցած է, ցոյց տուած է, որ պատրաստ է նման քայլերու, իսկ Ատրպէյճանէն միակ ակնկալիքը կառուցողականութիւնն է:

Ալիեւ կը շարունակէ սպառնալ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը իր ելոյթին մէջ պնդած է, որ Հայաստանը մինչեւ հիմա չէ կատարած 2020-ի Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնով ստանձնած պարտաւորութիւնները` չ’ապահովեր Ատրպէյճանի հիմնական մասէն անխափան մուտք Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն, ինչպէս նաեւ մինչեւ հիմա դուրս չէ բերած իր զօրքերը Ատրպէյճանի տարածքէն:

«Մենք դեռ համբերութիւն կը ցուցաբերենք, բայց այն անսահման չէ: Եթէ 2020 թուականի Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան այդ երկու կարեւոր կէտերը չիրականացուին, մեզի ուրիշ ընտրութիւն չի մնար, քան համարժէք գործելը», սպառնացած է Ատրպէյճանի ղեկավարը:

Ղարաբաղի մասին Ալիեւ ըսած է, որ Փրակի հանդիպման եւս այդ հարցով միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է, անոր խօսքերով Ատրպէյճանի դիրքորոշումը պարզ է եւ յստակ:

«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է: Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի ապահովուի Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համապատասխան: Մենք որեւէ երկրի հետ չենք պատրաստուիր քննարկելու մեր ներքին հարցերը: Եւ որքան ես հասկցայ Փրակի հանդիպման արդիւնքներէն, այդ թեման քառակողմ հանդիպման բոլոր մասնակիցներուն միջեւ որեւէ տարընթերցումներ չէ յառաջացուցած», նշած է Ատրպէյճանի առաջնորդը:

Ալիեւի պնդմամբ` Սեպտեմբերի կէսերու բախումները դադրեցուած են ռուսական կողմին միջնորդութեամբ. «Ռուսական կողմի միջնորդական գործունէութեան շնորհիւ, կը փափաքէի սա յատուկ ընդգծել, որ ռուսական կողմը հանդէս եկած է կրակը դադրեցնելու առաջարկով, ոմանք այդ կը վերագրեն այլ երկիրներու, ինչ որ բացարձակապէս անհիմն է, ռուսական կողմի միջնորդութեան շնորհիւ ռազմական բախումները դադրեցուած են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment