Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անընդունելի է Արցախը Ատրպէյճանի Մաս Ճանչնալը,. Բաբայեան

Անընդունելի է Արցախը Ատրպէյճանի Մաս Ճանչնալը,. Բաբայեան

by MassisPost

Արցախը դէմ չէ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յարաբերութիւնները բարելաւեն, սակայն անընդունելի է Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալը, ինչ որ պիտի բերէ կամ պատերազմի, արիւնահեղութեան, ցեղասպանութեան կամ Արցախի հայաթափման: Նման տեսակէտ յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեանը ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին:

Անդրադառնալով Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ Փաշինեանի, Ալիեւի, Միշէլի եւ Մաքրոնի հանդիպումէն յետոյ ընդունուած յայտարարութեան, որով Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատած են, որ կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը` Բաբայեան ըսաւ. «Մենք դէմ չենք, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յարաբերութիւնները բարելաւեն: Ո՞վ կարող է դէմ լինել այդ յարաբերութիւնների բարելաւմանը: Սակայն, պէտք է հասկանանք, որ Արցախի համար եւ, կարծում եմ, ողջ հայութեան համար անընդունելի է Արցախը ճանաչել Ատրպէյճանի մաս»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ Արցախի պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ ունեցած հանդիպումներու ժամանակ այդ առնչութեամբ ի՞նչ պարզաբանումներ ստացած է` ան ըսաւ. «Երկու հանդիպմանը, ի հարկէ, կան պարզաբանումներ, որ ոեւէ մէկը չի պատրաստւում Արցախը թողնել կամ ճանաչել Ատրպէյճանի մաս: Հիմա մենք պէտք է շատ ճկուն քաղաքականութիւն վարենք»:

Ըստ Բաբայեանի` Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կրնան ճանչնալ միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն անպայման պէտք է հաստատուի, որ այդ Արցախի վրայ չի տարածուիր: Բաբայեանի խօսքով` այդ կրնայ նշուիլ առանձին կէտով կամ կրնայ նշուիլ, որ պէտք է այդ հարցը յետոյ քննարկել: «Պէտք է հաստատենք ու ասենք, որ երբեք Արցախը չի կարող լինել Ատրպէյճանի կազմում: Մեզ համար շատ կարեւոր է, որ այդ փիլիսոփայութիւնը` լինի կէտի միջոցով, լինի քաղաքականութեամբ արտայայտուած, լինի շատ յստակ», ըսաւ Արցախի արտաքին գործերու նախարարը:

Ան նշեց, որ չկայ փաստաթուղթ, ուր նշուած ըլլայ, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ է, եւ, թէ Հայաստանը կը հրաժարի: Հետեւաբար, կարեւորեց հայութեան միասնականութիւնը:

Արցախի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը արդէն 3-4 օր է Երեւանի մէջմ է: Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ այս օրերու ընթացքին տարբեր հանդիպումներ ունեցած են: Հոկտեմբեր 13-ին հանդիպած են Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին հետ, Հոկտեմբեր 14-ին` Ազգային Ժողովի եւ հանրապետութեան նախագահին հետ: Հոկտեմբեր 15-ին նախատեսուած է հանդիպում ՀՀ վարչապետին եւ արտաքին գործերու նախարարին հետ:

«Այսինքն` կը հանդիպենք բարձրագոյն ղեկավարութեան այն ներկայացուցիչների հետ,  որոնք զբաղուած, ներգրաւուած են բանակցութիւններում, անմիջական մասնակցութիւն ունեն բոլոր գործընթացներում` Արցախի, հայ ժողովրդի ճակատագրով», ըսաւ Բաբայեան:

Ան շատ կարեւորեց, որ Հայաստանն ու Արցախը միշտ ունենան կայուն կապ, այդ շարքին` կառոյցներիու մակարդակով: «Շատ ազնիւ ձեւով քննարկել ենք ամենաբարդ հարցերը: Մեզ համար շատ կարեւոր է նաեւ այն, որ Արցախի պարագայում ունենանք յստակ դիրքորոշում», նշեց Արցախի արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment