Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Նախագահը Ալիեւին Յիշեցուած Է` Պատմական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Անընդունելի Է

Իրանի Նախագահը Ալիեւին Յիշեցուած Է` Պատմական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Անընդունելի Է

by MassisPost

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս շեշտած է, որ պատմական սահմաններու, տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն Իրանի համար անընդունելի է: Այս մասին Թուիթըրի իր էջով յայտնած է Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Մոհամմատ Ճամշիտին:

«Նախագահ Ռայիսին Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին հասկցուցած է, որ անընդունելի է պատմական սահմաններու, տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան, Իրան-Հայաստան տարանցիկ երթուղիներու որեւէ փոփոխութիւն: Նաեւ եւրոպական ռազմական ներկայութիւնը` որեւէ քօղի տակ կը մերժուի: Արեւմուտքը ռազմավարական առումով չի կրկնար մեզ շեղել», նշած է Ճամշիտին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment