Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փարիզի Փորձերը` Սեպ Խրելու Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ Մոսկուայի Յարաբերութիւններուն Մէջ, Դատապարտուած Են Ձախողման. ՌԴ ԱԳՆ

Փարիզի Փորձերը` Սեպ Խրելու Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ Մոսկուայի Յարաբերութիւններուն Մէջ, Դատապարտուած Են Ձախողման. ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Մոսկուա-Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրելու Փարիզի փորձերը դատապարտուած են ձախողման եւ կը յանգեցնեն տարածաշրջանին մէջ Ֆրանսայի հեղինակութեան արժեզրկման: Այս մասին յայտարարած են Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն:

«էմանուէլ Մաքրոնի այն յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիան իբր ԼՂՀ հակամարտութիւնը կ’օգտագործէ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու համար, աղաղակող եւ բացարձակ անընդունելի կը համարենք: Նման պոռթկումները Արեւմուտքի հակառուսական գիծի եւ Ռուսիան հրէշացնելու հունի մէջ են եւ կը վկայեն այն մասին, որ փորձ կը կատարուի Ուքրանիայէն առճակատման տրամաբանութիւնը տեղափոխել յետխորհրդային տարածքի այլ հատուածներ, այդ շարքին` Հարաւային Կովկաս:

Ֆրանսայի նախագահին անհեթեթ միտքերը կը խօսին այն մասին, որ Փարիզը շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հարցով եւ հարցականի տակ կը դնէ սեփական երկրի ունակութիւնը այդ հարցով կառուցողական դեր խաղալու առումով», ընդգծած են Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն:

Գերատեսչութենէն յիշեցուցած են, որ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, որ նոյնիսկ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ սրացման շրջանին կը սահմանափակուէր խաղաղութեան սթանտարտ կոչերով, Ռուսիան գործնականին մէջ կ’աջակցէր հակամարտութեան կարգաւորման:

«Մեր երկիրը վճռորոշ ներդրում ունեցաւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման հարցով, որ վերջ դրաւ արիւնահեղութեան: Նշուած պայմանաւորուածութեան համաձայն տեղակայուած խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ անվտանգութեան երաշխիք մնալ տարածաշրջանին մէջ», յաւելած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Կը նշուի, որ Ռուսիան գործարկած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու համալիր կարգաւորման աշխատանքը: Մասնաւորապէս, քայլեր կը ձեռնարկուին Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման, հասարակութեան եւ փորձագէտներու հարցով երկխօսութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment