Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էմանուէլ Մաքրոնը Ռուսիան Մեղադրած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Միջեւ Բախումները Սադրելու Մէջ

Էմանուէլ Մաքրոնը Ռուսիան Մեղադրած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Միջեւ Բախումները Սադրելու Մէջ

by MassisPost

Ֆրանսացի գրող Սիլվեն Թեսոն, որ նոր վերադարձած է Հայաստանէն, «Le Figaro» ամսագրին մէջ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն մասին իր հրապարակմամբ մարտահրաւէր նետած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին:

Պետութեան ղեկավարը պատասխանած է գրողին` նշելով. «Հայաստանը երկիր մըն է, որուն հետ մենք եզակի կապ ունինք: Մենք այդ երկրին կողքին ենք (…) Հայաստանը երկու տարի առաջ Ատրպէյճանի հետ պատերազմէն պարտութիւն կրեց: Սեպտեմբերին Ատրպէյճանը նոր յարձակման անցաւ: Վարչապետ Փաշինեան եկաւ Փարիզ, մենք յստակ դատապարտեցինք (յարձակումը-Խմբ): Ֆրանսան Փրակի գագաթաժողովին թոյլատրեց հրաւիրել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները»:

Մաքրոն Ռուսիան մեղադրած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջին բախումները սադրելու մէջ` որպէս Կովկասի մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու ջանքերու մաս: «Ի՞նչ տեղի կ’ունենար սահմանին վերջին երկու տարիներուն: 5000 ռուս զինուորականներ ենթադրաբար այնտեղ են սահմանը երաշխաւորելու համար, բայց ռուսերը օգտագործած են այս հակամարտութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի ու Ատրպէյճանի խաղը խաղցած են Թուրքիոյ հետ Հայաստանը թուլացնելու համար», ըսած է Մաքրոն:

«Կը տեսնէք ինչ կը կատարուի: Ռուսիան ջանք կը գործադրէ ապակայունացնելու: Ան կը փափաքի խառնակ վիճակ ստեղծել Կովկասի մէջ եւ ապակայունացնել բոլորս», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Էմանուէլ Մաքրոն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մէջ Ռուսիան մեղադրած է «ապակայունացման» համար: «Մենք պիտի չթողենք Հայաստանը, պիտի չլքենք հայերը», իր խօսքը ամփոփած է նախագահը:

Աւելի վաղ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քեթրին Քոլոնան յայտնած էր, որ Սեպտեմբեր 13-14-ին «Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները բացայայտեցին Ռուսիոյ անկարողութիւնը՝ հանդէս գալու որպէս իրաւարար, ինչին ան բացառիկութեան կարգով կը յաւակնէր 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ»։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսացի գրող Սիլվեն Թեսոն քանի մը օր առաջ ֆրանսական յայտնի հեռուստաընկերութիւններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ժամանակ խօսելով դէպի Եւրոպա Ատրպէյճանի կազի մատակարարումներէն նշած էր, որ իրեն համար նախընտրելի է հայերու կողքին ըլլալով ցուրտ ձմեռ անցընել, քան տաքնալ Ատրպէյճանի միջոցով Եւրոպա առաքուած կազով: «Այս ձմրան ես կը նախընտրեմ քիչ մը մսիլ հայերուն հետ, քան տաքնալ ատրպէյճանցիներուն շնորհիւ», ըսած է Թեսոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment