Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Պիտի Շարունակէ Առաջնահերթ Համարել Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Պիտի Շարունակէ Առաջնահերթ Համարել Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները յառաջիկային պիտի շարունակէ աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն` այդ շարքին եւ ամենաբարձր մակարդակներով: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:

Ան յիշեցուցած է Նիւ Եորքի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եռակողմ հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ` ընդգծելով, որ սա վերջին ռազմական գործողութիւններէն յետոյ առաջին հայդիպումն էր նման ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ պետական քարտուղարի վերջին հեռախօսազանգերը արտաքին գործերու նախարարներուն: Բացի անկէ, Փրայս նշած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր ամէնօրեայ շփումներու մէջ է թէ՛ հայկական, թէ՛ ատրպէյճանական կողմին հետ:

«Ուստի, մենք պիտի շարունակենք այս հարցին մէջ ներգրաւուած մնալ: Չեմ կրնար խոստանալ յստակ արդիւնք, սակայն կրնամ խոստանալ, որ սա մեզի համար առաջնահերթութիւն պիտի մնայ», ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment