Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Պատրաստ Է Դիտորդներ Ուղարկելու Հայաստան, Անոր Համար Անհրաժեշտ Է Միայն ՀԱՊԿ Խորհուրդի Որոշումը. Լաւրով

ՀԱՊԿ Պատրաստ Է Դիտորդներ Ուղարկելու Հայաստան, Անոր Համար Անհրաժեշտ Է Միայն ՀԱՊԿ Խորհուրդի Որոշումը. Լաւրով

by MassisPost

ՀԱՊԿ պատրաստ է դիտորդներ ուղարկելու Հայաստան, անոր համար անհրաժեշտ է միայն ՀԱՊԿ Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումը: Այս մասին  Ասթանայի մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Այն բանէն յետոյ, երբ Հայաստանը խնդրեց հրաւիրել ՀԱՊԿ արտահերթ գագաթաժողով, անմիջապէս այն տեղի ունեցաւ, որոշումներ կայացուեցան Հայաստան ուղարկել ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը, Միացեալ շտաբի պետը: Անոնք այնտեղ գացած են, առաջարկութիւններ բերած են, այդ առաջարկութիւնները մեր մօտ արդէն աւելի քան մէկ ամիս է: Անոնք են` Հայաստանի տարածք Ատրպէյճանի հետ սահմանին ուղարկել ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութիւն:

Միակ բանը, որ կը պահանջուի, Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումն է, որ պէտք է գումարուի ՀԱՊԿ նախագահին կողմէ, իսկ նախագահող երկիրը չէ՞ որ Հայաստանն է», ըսած է Լաւրով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment