Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Երեւանին Փոխանցած Է Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ընդլայնուած Տարրերը. Պայրամով

Պաքուն Երեւանին Փոխանցած Է Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ընդլայնուած Տարրերը. Պայրամով

by MassisPost

Ատրպէյճանը «Հայաստանին փոխանցած է խաղաղութեան համաձայնագրի ընդլայնուած տարրերը», հայկական կողմը ժամանակ վերցուցած է անոնց ծանօթանալու համար: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը` Պիշքեքի մէջ հարցազրոյց տալով ատրպէյճանական հեռուստաընկերութիւններուն: Ան Պիշքեքի մէջ Ատրպէյճանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ է:

«AzTv»-ի հողորդման համաձայն` Պայրամով ըսած է, որ ընդլայնուած տարրերը կը լրացնեն նախապէս ներկայացուած 5 հիմնական սկզբունքները, որոնք պէտք է խաղաղութեան համաձայնագրի եւ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հիմքը հանդիսանան:

Ան նշած է, որ «Ատրպէյճանը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններու յառաջընթացով», մասնաւորպէս խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու, հաղորդակցութեան ուղիները բացելու եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանը սահմանազատելու համար:

«Այս հարցերը հանդիպումներու ընթացքին մշտապէս կը բարձրացուին, եւ Ատրպէյճանը կը ներկայացնէ իր դիրքորոշումը», ըսած է ան:

Պայրամով յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովի երրորդ նիստը կը ծրագրուի կայացնել Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment