Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փրակի Հանդիպումէն Յետոյ Ատրպէյճանի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Որեւէ Զարգացում Չկայ. ՀՀ ԱԳՆ-ի Արձագանգը Չաւուշօղլուի Յայտարարութեան

Փրակի Հանդիպումէն Յետոյ Ատրպէյճանի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Որեւէ Զարգացում Չկայ. ՀՀ ԱԳՆ-ի Արձագանգը Չաւուշօղլուի Յայտարարութեան

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը համաձայնութեան եկած են խաղաղութեան պայմանագրի հիմնական սկզբունքներուն շուրջ: «Արմէնփրես»-ի հարցին ի պատասխան ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ Փրակի հանդիպումէն յետոյ տարածուած յայտարարութենէն ետք այս առումով որեւէ զարգացում չկայ:

«Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները շարունակւում են եւ Փրակի հանդիպումից յետոյ տարածուած յայտարարութիւնից յետոյ այս առումով որեւէ զարգացում չկայ: Նոր զարգացումների դէպքում, ինչպէս եւ նախկինում, հանրութեանը պատշաճ կերպով տեղեակ կը պահենք», ըսաւ Յունանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment