Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Կը Տեսնէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացէն Ռուսիան Դուրս Մղելու ԵՄ Ջանքերը. Զախարովա

Մոսկուան Կը Տեսնէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացէն Ռուսիան Դուրս Մղելու ԵՄ Ջանքերը. Զախարովա

by MassisPost

Մոսկուան կը տեսնէ Եւրոպական Միութեան հերթական փորձերը` ամէն գնով միջամտելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, դուրս մղելու Ռուսիան: Այս մասին ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

Անոր խօսքով` Եւրոպական Միութիւնը տակաւին պաշտօնապէս որոշում չէ կայացուցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին մարդասիրական առաքելութիւն տեղակայելու վերաբերեալ:

«Պաքուի ու Երեւանի հաշտեցման, տարածաշրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան, երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման միակ բանալին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու ամբողջական կեանքի կոչումն է», նշած է Զախարովան, յաւելած որ Մոսկուան պարբերական շփումներ կը պահպանէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ:

Դիւանագէտին խօսքով` այդ առումով պիտի օգտագործուի նաեւ Ասթանայի մէջ ԱՊՀ արտաքին գործերու նախարարներու յառաջիկայ նիստի հնարաւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment