Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած Է Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերուն Հետ

Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած Է Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հերթական հանդիպումը ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի մասնակից կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Հանդիպման մասնակցած են «Հանրապետութիւն», Հայաստանի Քրիստոնէա-ժողովրդավարական, «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւններու նախագահները, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետը, Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութեան նախագահը, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարը, «Ուժը Հայրենեաց» կուսակցութեան նախագահը:

Նման հանդիպում կայացած էր նաեւ Սեպտեմբերի 20-ին: «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեան լրագրողներուն ըսած էր, որ քննարկուած է նաեւ Ռուսիոյ ղեկավարած անվտանգային կազմակերպութենէն` ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment