Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Մէջ Ապրողները Կրնան Հեռանալ, Եթէ Չեն Ուզեր Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն․ Ալիեւ

Ղարաբաղի Մէջ Ապրողները Կրնան Հեռանալ, Եթէ Չեն Ուզեր Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն․ Ալիեւ

by MassisPost

Մինչեւ տարեվերջ արդէն կրնայ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուիլ, եթէ Հայաստանը «բարի կամք ցուցաբերէ», յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ՝ Փրակի մէջ քառակողմ հանդիպման առաջին փուլէն յետոյ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ:

«Կը կարծեմ, որ եթէ մօտ ապագային որոշում կայացուի, աշխատանքային խումբերը պիտի սկսին աշխատիլ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին վրայ, եւ մենք կրնանք մինչեւ տարեվերջ հասնիլ համաձայնեցման: Ըստ էութեան, մեր կողմէ յայտարարուած հինգ սկզբունքներուն հետ կապուած հարցեր չունի ոչ հայկական կողմը, ոչ ալ Եւրոմիութիւնը: Ֆրանսայի նախագահին հետ հանդիպման ես տեսայ, որ անոնք բոլորին կողմէ կ’ընդունուին», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւի խօսքով` քառակողմ հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ խաղաղութեան պայմանագրին հասնելու համար:

Հայկական կողմը, ընդունելով Ատրպէյճանի առաջարկները, սեփականը ներկայացուցած էր, թէ անհրաժեշտ է նաեւ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովել: Ալիեւը, մինչդեռ, կրկին պնդած է, որ կը մերժեն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն վերաբերեալ քննարկում որեւէ երկրի, այդ շարքին` Հայաստանի հետ: Ընդգծած է, որ Պաքուն պատրաստ է ոչ-պաշտօնական շփումներու, այն ալ` ոչ թէ պաշտօնական Ստեփանակերտի, այլ` «հայկական բնակչութեան ներկայացուցիչներուն հետ», բայց` ոչ աւելին: «Ղարաբաղի բնակիչները Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են, եւ անոր որ հաճելի չի թուիր, կրնայ հեռանալ, այլ տարբերակ չկայ», յաւելած է ան:

«Մենք կը նախատեսենք շարունակել ոչ-պաշտօնական հանդիպումները Ղարաբաղի հայկական բնակչութեան հետ: Այդպիսի շփումներ արդէն իսկ կ’ընթանան որոշակի ժամանակ, եւ կը կարծեմ, թէ անոնք պիտի բերեն լիակատար փոխըմբռնման ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման գօտիին մէջ ապրող բնակչութեան մեծամասնութեան հետ: Ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ համարկուելէ բացի այլ տարբերակ ուղղակի չկայ: Ով կ’ընդունի, որ պէտք է ապրիլ որպէս Ատրպէյճանի քաղաքացի, կը կարծեմ` չի զղջար, իսկ եթէ ինչ-որ մէկուն ինչ-որ պատճառով այդ յարմար չէ, կրնան իրենց համար բնակութեան այլ վայր ընտրել», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment