Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Կը Ճանչնան Միմեանց Տարածքային Ամբողջականութիւնը. Փաշինեանի, Ալիեւի, Մաքրոնի Եւ Միշէլի Հանդիպման Յայտարարութիւնը

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Կը Ճանչնան Միմեանց Տարածքային Ամբողջականութիւնը. Փաշինեանի, Ալիեւի, Մաքրոնի Եւ Միշէլի Հանդիպման Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոխորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի` 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին կայացած հանդիպման արդիւնքով ընդունուած է յայտարարութիւն: Համատեղ յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-աթայի Հռչակագրին, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ այդ հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու աշխատանքներուն համար, եւ որ այդ յանձնաժողովներու յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Պրիւքսէլի մէջ, մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ:

Հայաստանը իր համաձայնութիւնը յայտնեց` խրախուսելու ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով: Ատրպէյճանը համաձայնեցաւ համագործակցիլ նշեալ առաքելութեան հետ այնքանով, որքանով որ առնչութիւն կ’ունենայ: Առաքելութիւնը իր աշխատանքները պիտի սկսի Հոկտեմբերին` առաւելագոյնը երկու ամիս ժամկէտով: Առաքելութեան նպատակը պիտի ըլլայ վստահութեան կառուցումը, եւ իր զեկոյցներուն միջոցով, սահմանային յանձնաժողովներուն աջակցիլը»:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդիպած են 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ` Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին նախաձեռնութեամբ կայացած «Եւրոպական Քաղաքական Համայնք»ի առաջին հանդիպման ծիրին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment