Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Էրտողան Կարեւորած Են Ուղիղ Շփումներն Ու Բարձր Մակարդակի Հանդիպումները

Փաշինեան Եւ Էրտողան Կարեւորած Են Ուղիղ Շփումներն Ու Բարձր Մակարդակի Հանդիպումները

by MassisPost

Փրակի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը:

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման ծիրին մէջ երկուստեք կարեւորուած են ուղիղ շփումներն ու բարձր մակարդակի հանդիպումները:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու այդ ուղղութեամբ հետագայ հնարաւոր քայլերը:

Շեշտուած է երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներու շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար ցամաքային սահմանի բացմանը, Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացման:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment