Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրեմլին «Կ’ողջունէ Փելոսիի Այցը Երեւան, Եթէ Այդ Պիտի Օգնի Կարգաւորելու Իրադրութիւնը Սահմանին»

Քրեմլին «Կ’ողջունէ Փելոսիի Այցը Երեւան, Եթէ Այդ Պիտի Օգնի Կարգաւորելու Իրադրութիւնը Սահմանին»

by MassisPost

Մոսկուան պատրաստ է ողջունելու ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի այցը Հայաստան, եթէ այդ պիտի օգնէ կարգաւորելու իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:

«Այն ամէնը, ինչ խօսքերով չէ, այլ գործով է, ոչ բարձրաձայն, ոչ փոփուլիստական է, այլ իրականութեան մէջ հանգիստ եւ գործնական է, կրնայ նպաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման, կրնայ նպաստել սահմանին իրավիճակի կայունացման, այդ ամէնը ողջունելի է», լրագրողի հարցին ի պատասխան ըսած է Փութինի խօսնակը:

«Կրնա՞ն արդեօք այդ բարձրաձայն գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները նպաստել կարգաւորման` պիտի տեսնենք: Ժամանակի ընթացքին այդ հասկանալի պիտի ըլլայ», ըսած է Փեսքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment