Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փելոսին Այցելած Է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն, Պապիկեանի Հետ Քննարկած Է Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Համագործակցութեան Հարցեր

Փելոսին Այցելած Է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն, Պապիկեանի Հետ Քննարկած Է Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն` Պապիկեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Փելոսիին իրավիճակին արագ արձագանգելու, Հայաստան այցելելու, Սեպտեմբեր 13-ին ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման վերաբերեալ հասցէական գնահատականներ հնչեցնելու համար:

Նախարարը Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակին ներկայացուցած է ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը:

Նենսի Փելոսին իր խօսքին մէջ ներկայացուցած է իրավիճակին վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը:

Քննարկուած են նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան ժամանած է շաբաթ երեկոյեան, այցը աւարտած է Երկուշաբթի: Կայացած են հանդիպումներ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ:

Նենսի Փելոսին մինչ օրս Հայաստան այցելած ԱՄՆ ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեան է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment