Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր առանձնատան մէջ հանդիպած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հետ:
Հայ Ազգային Գոնկրէսի առաջնորդն ու կաթողիկոսը քննարկած են Հայաստանի թէ՛ արտաքին անվտանգութեան, թէ՛ ներքաղաքական ծայրայեղ սրած իրավիճակին հետ կապուած հարցերը եւ զանոնք յաղթահարելու հնարաւոր ելքերը, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Սա այս տարուան ընթացքին Տէր Պետրոսեանի եւ Գարեգին Բ.-ի երկրորդ հանդիպումն է: Առաջինը Փետրուար 23-ին էր Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Սեպտեմբեր 13-ին սկսած ռազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ առաջին նախագահը որեւէ մեկնաբանութեամբ կամ յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած: