Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փելոսին Ու Փաշինեանը Քննարկած Են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Օրակարգային Հարցերը

Փելոսին Ու Փաշինեանը Քննարկած Են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Օրակարգային Հարցերը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Նենսի Փելոսին ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգր, ինչպէս նաեւ երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Փաշինեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ, մասնաւորապէս ըսած է.

«Տիկին խօսնակ, յարգելի գործընկերներ, թոյլ տուէք ջերմօրէն ողջունել ձեզ մեր երկրում, մեր կառավարութիւնում: Սա իսկապէս աննախադէպ այց է ԱՄՆ-ից Հայաստան, եւ մենք գնահատում ենք դա: Կը ցանկանայի մեր երախտագիտութիւնը յայտնել անձնապէս Ձեզ, տիկին խօսնակ, ԱՄՆ-ի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործում Ձեր անձնական ջանքերի եւ ներդրման համար, ինչպէս նաեւ Ձեր պատուիրակութեան ջանքերի համար:

«Դա իսկապէս բարձր է գնահատւում, եւ նոյնիսկ միայն այդ փաստը հաշուի առնելով, բոլոր հայերը Ձեզ համարում են Հայաստանի վստահելի ընկեր: Բայց ես ցանկանում եմ շարունակել երախտագիտութեան խօսքերը, որովհետեւ ցանկանում եմ նաեւ երախտագիտութիւն յայտնել հայկական ժողովրդավարութեանն ուղղուած ԱՄՆ-ի աջակցութեան համար, քանի որ դա նոյնպէս շատ կարեւոր է մեզ համար:

Մենք տեսնում ենք ԱՄՆ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու մեր երկրում ժողովրդավարական օրակարգին: Ցանկանում եմ յայտնել մեր նուիրուածութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումների օրակարգին, չնայած այն հանգամանքին, որ, ինչպէս տեսնում էք, դա այնքան էլ հեշտ ճանապարհ չէ:

«Եւս մէկ փաստ, որ կը ցանկանայի նշել. մենք գնահատում ենք ԱՄՆ-ի յստակ դիրքորոշումը` կապուած Ատրպէյճանի  կողմից Հայաստանի դէմ ագրեսիայի հետ: Իհարկէ, ԱՄՆ կառավարութեան կողմից յստակ ձեւակերպումները գնահատելի են, որովհետեւ դա շատ կարեւոր է մեզ համար:

«Տեղեակ էք, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը քննարկել է ներկայ իրավիճակը, եւ մենք յոյս ունենք, ու դա մեր դիրքորոշումն է, որ այս իրավիճակը պէտք է շարունակի մնալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի օրակարգում եւ այս առումով, իհարկէ, մենք ապաւինում ենք ԱՄՆ աջակցութեանը»:

Իր հերթին Նենսի Փելոսին ըսած է. «Շատ շնորհակալ եմ, պարոն վարչապետ, ողջոյնի ջերմ խօսքերուն եւ այս պատուիրակութեան անդամ իմ գործընկերներու կողմէ կատարուած հսկայական աշխատանքի գնահատման համար: Աջակցութիւնը ժողովրդավարութեան` Հայաստանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, հակազդեցութիւնը Թուրքիային Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, եւ բոլոր մնացած առումներով մենք Հայաստանի ընկերն ենք: Մենք այստեղ ենք` յարգելով Ձեր կառավարութիւնը:

«Անցած տարի տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնք գնահատուեցան ազատ եւ արդար, եւ Ձեր հրաշալի յաղթանակը պատերազմի եւ այլ հանգամանքներու պայմաններուն մէջ: Եւ հարցը հոն է, որ երբ մենք սովորաբար կÿայցելենք որեւէ երկիր, այդ յարգանքը դրսեւորելու, լսելու եւ սորուելու նպատակ կ՛ունենան, բայց ես կրնամ անկեղծօրէն ըսել, որ ԱՄՆ-էն Հայաստան եկած այս պատուիրակութիւնը իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սերը, յարգանք` Ձեր կառավարութեան եւ սեր` Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ»:

Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան գործընկերութեան, տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան յետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղութեամբ: Գործադիրի ղեկավարը բարձր գնահատած է ԱՄՆ օժանդակութիւնը` ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու հարուստ օրակարգի յառաջմղման գործին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Նենսի Փելոսին անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ դրսեւորուած յարձակումին եւ ՀՀ տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դուրս բերելու վերաբերող հարցերուն:

Քննարկուած են տարածաշրջանի ճանապարհներու, ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանը վերաբերող հարցերը:

Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակը վստահեցուցած է, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ գործնականօրէն նպաստել երկկողմ բազմաոլորտ փոխգործակցութեան յետագայ ընդլայնման ու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրնրուն:

 

 Այստեղ Ենք` Հասկնալու, թէ Երեւանը Ինչ Ակնկալիքներ Ունի Ուաշինկթոնէն. Նենսի Փելոսի

Պատրա՞ստ է արդեօք Միացեալ Նահանգները ռազմական աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին, այսօր պատասխանելով «Ազատութեան» այս հարցին` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակը ըսած է որ, այստեղ են հասկնալու, թէ Երեւանը ինչ ակնկալիքներ ունի Ուաշինկթոնէն:

«Մեր այցը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ այստեղ ենք` լսելու, հասկանալու, թէ ինչ կրնանք ընել, ինչ կրնայ ակնկալուիլ մեզմէ: Մեր այսօրուայ հանդիպման ժամանակ խօսեցանք տնտեսական, անվտանգային հարցերու մասին, «Հազարամեակի մարտահրաւէրՙ ծրագրին Հայաստանի միանալու հարցը բարձրացուեցաւ, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան հարցերու շուրջ մեր համագործակցութեան անդրադարձանք: Մենք այստեղ ենք, որպէսզի լսենք, հասկնանք, թէ ինչ ակնկալիքներ ու ցանկութիւններ կան», – յայտարարեց Նենսի Փելոսին:

«Այլ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի որոշելիքն են», Յայտնեցին Գոնկրէսի պատուիրակութեան անդամները` անդրադառնալով մէկ այլ հարցի, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները կ՛ակնկալ՞է, որ Հայաստան պէտք է դուրս գա ՀԱՊԿ-էն, եւ արդեօք Ուաշինկթոն կը պատրաստու՞ի  երաշխաւորել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը:

«Ամբողջ աշխարհը ողջունած է Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը, թաւշեայ յեղափոխութիւնը, եւ այդ առաւել ամրապնդուած է վերջին ազատ եւ արդար ճանաչուած ընտրութիւններով: Դուք լաւ օրինակ էք ժողովրդավարութեան անցում կատարելու իմաստով, եւ մենք կ՛աջակցինք ատոր: Ինչպէս Պր.  Փալոնը ըսաւ, այլ կազմակերպութիւններու հետ ձեր յարաբերութիւնները Հայաստանի որոշելիքն է, բայց մեր տեսակէտն է, որ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու տարածքային ինքնիշխանութիւնը, Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը շատ կարեւոր են Ամերիկայի համար: Այլ երկրներու հետ մեր յարաբերութիւններուն մենք պէտք է օգտագործենք մեր ազդեցութիւնն ու լծակները` ցոյց տալով, որ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը գերակայ են: Ես այս կ՛րսեմ իմ անունով, չեմ ըսեր, թէ ինչ պէտք է ընէ Հայաստանը», – շեշտեց Տիկին Փելոսին:

 

Կիրակի օր, Խորհրդարանէն ներս Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ ունեցած ասուլիսի ընթացքին Փելոսին տեղեկացուց, որ Գոնկրէսէն ներս կը նախապատրաստուի Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող նախագիծ, որուն համահեղինակը գոնկրէսական Ատամ Շիֆն է: Ան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման բանաձեւի համահեղինակներէն է:

Խօսելով Հայաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպման մասին Փելոսի յստակ դատապարտեց Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումը:

«Մեր հանդիպումը իսկապէս կարեւոր էր, քանի որ կենդրոնացանք Հայաստանի տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի եւ մահացու յարձակման վրայ, որ մենք խստօրէն Գոնկրէսի անունով կը դատապարտենք, այդ յարձակումը կը  խոչընդոտէ այդքան անհրաժեշտ խաղաղութեան պայմանագրի հեռանկարին: ԱՄՆ` որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, յստակ եւ սկիզբէն յայտարարած է, որ ռազմական լուծում համակարտութիւնը չի կրնար ունենալ: Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն, կը շարունակենք աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային, խաղաղ եւ տեւական լուծման», – ըսաւ ան:

Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակը երախտագիտութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն Սեպտեմբեր 14-ին Ուաշինկթոնի միջնորդութեամբ ձեռք ձգուած «փխրուն զինադադարի համաձայնութեան համար»: Ալեն Սիմոնեան յստակ խօսեցաւ նաեւ Ուաշինկթոնէն Երեւանի ակնկալիքներու մասին, ընդգծեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցնէր կիրառելու անհրաժեշտութիւնը:

«ԱՄՆ ցանկացած օժանդակութիւն կենսական նշանակութիւն ունի մեր պետականութեան համար: Կարծում ենք, որ յստակ պատժամիջոցները կարող են դառնալ եւս մէկ լծակ` կանգնեցնելու Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները եւ աւտորիտար պատերազմը ժողովրդավարութեան դէմ», – ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահը:

Նենսի Փելոսին Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Նենսի Փելոսին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:  Փելոսին ծաղկեպսակ զետեղեց յուշահամալիրի մօտ, ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակի մօտ:

Փելոսիին կ՛ընկետակցէին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը եւ    պատուիրակութեան անդամներ` Ֆրանք Փալոնը,  Աննա Էշուն եւ Ջէքի Սփիերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment