Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ի Ճամբով Միջոցներ Կը Ձեռնարկուին Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Ուղղութեամբ. Փութին

ՀԱՊԿ-ի Ճամբով Միջոցներ Կը Ձեռնարկուին Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Ուղղութեամբ. Փութին

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահը զինադադարը պահպանելու կոչ ըրած է Պաքուին եւ Երեւանին:

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ճամբով միջոցներ կը ձեռնարկուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

«Նշեմ, որ կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ-ի) ճամբով միջոցներ կը ձեռնարկուին հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութեան սրացման կապակցութեամբ: Դիմակայութեան գօտի առաքելութիւն ուղարկուած է` ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի գլխաւորութեամբ: Անոր յանձնարարուած է իրադրութեան ուսումնասիրման արդիւնքներով պատրաստել առաջարկներ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդին», ըսած է Փութին՝ օտարերկրեայ դիւանագէտներու հաւատարմագրերը ընդունելու արարողութեան ժամանակ:

«Որեւէ հակամարտային իրավիճակներ մեզի համար մօտ պետութիւններուն միջեւ մեր լուրջ մտահոգութիւնը կը յարուցեն: Կոչ կ’ընենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու, անվերապահօրէն պահպանելու զինադադարը եւ խստօրէն հետեւելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններուն», նաեւ նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment