Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժամանակն Է Ետ Քաշել Զօրքերը․ Պլինքըն Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ Հանդիպման Կոչ Ըրած է Վերադառնալու Բանակցային Սեղան

Ժամանակն Է Ետ Քաշել Զօրքերը․ Պլինքըն Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ Հանդիպման Կոչ Ըրած է Վերադառնալու Բանակցային Սեղան

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ընթացքին զօրքերը ետ քաշելու կոչ ըրած է: Այս մասին Պլինքըն գրած է Թուիթըրի իր էջով:

«Այսօր իմ մասնակցութեամբ ուղիղ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ: Ինչպէս ըսի հանդիպման ընթացքին` ժամանակն է, որ զօրքերը ետ քաշուին ու դիւանագէտները վերադառնան սեղանի շուրջ», նշած է ան:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եռակողմ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է ներդնել  միջազգային մեխանիզմներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն միջեւ հետագայ մագլցումներէն խուսափելու համար:

«Հանդիպմանը Արարատ Միրզոյեանն ընդգծել է, որ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուեն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից, անընդունելի են ուժի կիրառումը կամ դրա կիրառման սպառնալիքը, իսկ հետագայ մագլցումները կանխելու համար պէտք է ներդրուեն միջազգային մեխանիզմներ», կը հաղորդէ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ նշած է մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ լուծման կարեւորութիւնը, այդ շարքին` Ատրպէյճանէն բոլոր հայ ռազմագերիներու վերադարձը:

«Միրզոյեանը հաստատել է բանակցային գործընթացում ներգրաւուելու հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը», կը նշեն մամուլի ծառայութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment