Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին շարունակուած են քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ: Հաստատուած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարնդրուն` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը: Տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման գործին մէջ ընդգծուած է ռուսական խաղաղապահներուն դերը:

Անդրադարձ եղած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման որոշ արդիական թեմաներու:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment