Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի Եւ Միւսներուն Գործով Հերթական Դատական Նիստը Կրկին Յետաձգուած Է

Սերժ Սարգսեանի Եւ Միւսներուն Գործով Հերթական Դատական Նիստը Կրկին Յետաձգուած Է

by MassisPost

Երեւան քաղաքի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու Ընդհանուր Իրաւասութեան դատարանին մէջ, Վահէ Միսակեանի նախագահութեամբ, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ միւսներուն գործով հերթական դատական նիստը կրկին յետաձգուած է` վկայ Սեւան Քոչարեանի, որուն ցուցմունքին հիման վրայ յարուցուած է գործը, նիստին չներկայանալու պատճառով:

Նախորդ դատական նիստը եւս յետաձգուած էր, քանի որ գործով վկաները կրկին չէին ներկայացած դատարան: Անոնցմէ մէկուն ոստիկանութիւնը պէտք է դատարանի որոշմամբ բերման ենթարկէր նիստին, սակայն, փաստացի, դատարանին որոշումը չէր կատարուած:

Դատաւորը յայտարարած է, որ կրկին պիտի դիմեն ոստիկանութիւն` վկայ Սեւան Քոչարեանը յաջորդ նիստին բերման ենթարկելու համար:

Միւս վկան դատարանին տեղեկացուցած էր, որ անձնական պատճառներով կը բացակայէ երկրէն եւ չի կրնար ներկայ գտնուիլ նիստին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment