Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանագնացներուն Յաջորդ Հանդիպումը Հնարաւոր Է Տեղի Ունենայ Անգարայի, Երեւանի Կամ Կարսի Մէջ․ «Միլիյէթ»

Բանագնացներուն Յաջորդ Հանդիպումը Հնարաւոր Է Տեղի Ունենայ Անգարայի, Երեւանի Կամ Կարսի Մէջ․ «Միլիյէթ»

by MassisPost

Թրքական «Միլիյէթ»-ը, վկայակոչելով թուրք դիւանագէտի, կը գրէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկու կողմերու բանագնացներուն յաջորդ հանդիպումը հնարաւոր է տեղի ունենայ կա՛մ Թուրքիոյ, կա՛մ Հայաստանի տարածքին մէջ:

«Անգարան առաջարկած է բանագնացներու հինգերորդ հանդիպումը կայացնել Անգարայի կամ Երեւանի մէջ, կամ սահմանամերձ որեւէ քաղաքի մէջ, օրինակ` Կարսի մէջ», ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչը` նշելով, որ հանդիպումը կը ծրագրուի է գալիք Սեպտեմբերին:

Ըստ թուրք դիւանագէտին` Անգարայի մէջ կը խորհին, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժը ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ տարածաշրջանի միւս գործընթացներուն վրայ:

«Թուրքիոյ նպատակը ոչ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումն է, կամ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացումը, Անգարան հանդէս կու գայ տարածաշրջանին մէջ ամուր խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օգտին», ըսած է թուրք դիւանագէտը, նշելով, որ անոր կրնան նպաստել Հայաստանի հետ առեւտուրի զարգացումը:

Անոր բերած տուեալներով` ներկայիս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալները տարեկան կը կազմեն մօտաւորապէս 230 միլիոն տոլար, որ կ’իրականացուի Վրաստանի տարածքով շուրջ 15 հազար բեռնատարներով կատարուող բեռնափոխադրումներու միջոցով: «Առեւտրային ուղիղ կապերու հաստատումը կրնայ էականօրէն աւելցնել ապրանքաշրջանառութիւնը», նշած է ան:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ կողմերու նշանակած յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըճը մինչեւ հիմա չորս հանդիպում ունեցած են` առաջինը Մոսկուայի մէջ, միւսները` Վիեննայի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment