Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Երեւանը Կը Փորձէ Ստեղծել Իրավիճակ Մը, Որ Պաքուն Ստիպուած Ըլլայ Հաղորդակցիլ Արցախեան Կողմին Հետ․ Պատալեան

Երեւանը Կը Փորձէ Ստեղծել Իրավիճակ Մը, Որ Պաքուն Ստիպուած Ըլլայ Հաղորդակցիլ Արցախեան Կողմին Հետ․ Պատալեան

by MassisPost

Երեւանը որոշակիօրէն ետքաշուած կը պահէ ինքն իրեն մէկ կողմէ ռուսական կողմին պատասխանատուութիւնը բարձրացնելու, միւս կողմէ Արցախի անջատ միաւորի որոշակի տարածութիւն բանալու համար, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանը` պատասխանելով հարցումին, թէ ինչո՞ւ Երեւանը Բերձորի, Աղաւնոյի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հարցով տեւական լռութիւն կը պահպանէ:

Ըստ Պատալեանի, Հայաստանը կը փորձէ ստեղծել իրավիճակ մը, երբ Ատրպէյճանը թէկուզ ոչ-պաշտօնական, թէկուզ չբարձրաձայնուած, բայց ստիպուած ըլլայ շփուիլ եւ ինչ-որ հարցեր լուծելու համար հաղորդակցիլ արցախեան կողմին հետ` թէկուզ ռուսերուն միջոցով:

«Այս տեսանկիւնից, ի դէպ, յատկանշական է, որ տեղեկութիւն եղաւ, որ Արցախի Անվտանգութեան Խորհրդի քարտուղարը ռուսների եւ ատրպէյճանական կողմի հետ ինչ-որ հարցեր քննարկելու համար եղել է Բերձորում` Աղաւնոյում», ըսաւ քաղաքական մեկնաբանը:

«Յատկապէս Ատրպէյճանն, ըստ ամենայնի, Հայաստանից չի ստանում այն, ինչն ակնկալում էր միջանցքային տրամաբանութեան մէջ, եւ դրա համար փորձում է ինչ-որ պահանջներ դնել Լաչինի մասով` էդ ուղղութեամբ զարգացումներն արագացնելու առումով», ըսաւ Պատալեանը` նկատելով, որ Հայաստանի պահուածքը նաեւ թելադրուած է պատերազմի հետեւանքով` պարտութեան` շեղում կատարել գլխաւոր, առանցքային, կենսական հարցերու շուրջ եւ ռազմավարական որոշակի զիջումներու շնորհիւ` պահել դիրքերը առաւել կարեւոր եւ կենսական հարցերու մէջ:

«Ես կարծում եմ, որ սա ի հարկէ ամենեւին լաւագոյն վիճակը չէ, լաւագոյն ռեժիմը չէ քաղաքականութիւն վարելու, բայց այսօր կայ այն, ինչ կայ, եւ Երեւանը փորձում է շեղում կատարել այդ եղածի շրջանակում», ըսաւ քաղաքական մեկնաբանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment