Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սրելով Իրավիճակը` Պաքուն Կը Հետապնդէ 3 Նպատակ, Որոնց Կ’ուզէ Հասնիլ Ուժով Կամ Սպառնալիքով. Միջազգային Ճգնաժամային Խումբ

Սրելով Իրավիճակը` Պաքուն Կը Հետապնդէ 3 Նպատակ, Որոնց Կ’ուզէ Հասնիլ Ուժով Կամ Սպառնալիքով. Միջազգային Ճգնաժամային Խումբ

Բաքուի երեք պահանջները` ըստ փորձագիտական խումբին

by MassisPost

Սրելով իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ` Պաքուն երեք նպատակ կը հետապնդէ, որոնց կ’ուզէ հասնիլ ուժով կամ ուժի սպառնալիքով, կը յայտարարէ Միջազգային Ճգնաժամային Խումբը, որ տարիներ շարունակ հետեւած է ղարաբաղեան խնդիրին` խօսելով թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի ու Ղարաբաղի պաշտօնեաներուն հետ:

Պաքուի առաջին պահանջը, ըստ փորձագիտական խումբին, կը վերաբերի Ստեփանակերտէն Հայաստան տանող ճանապարհին` Լաչինի միջանցքին: Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները, մասնաւորապէս, ասած են, թէ իրենց ընկալմամբ` Երեւանը կը ձգձգէ այդ ճանապարհը շրջանցող նոր երթուղիի շինարարութիւնը, ինչի մասին կողմերը պայմանաւորուած էին Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ: «Անոնք կ’ուզեն յետաձգել Լաչին քաղաքի եւ շարք մը գիւղերու յանձնումը», ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան:

Երկրորդ պահանջը փաստացի կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ զինուած ուժերուն: Ատրպէյճանը ապօրինի կ’որակէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը եւ կը պահանջէ, որ ռուս խաղաղապահները զանոնք զինաթափեն, մինչդեռ Հայաստանն ու Ղարաբաղը կը յայտարարեն, որ նման հարց չէ դրուած Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ:

Տարաձայնութիւն կայ նաեւ Ղարաբաղէն հայաստանեան զինուած ուժերու դուրսբերման վերաբերեալ: Երեւանը կը յայտարարէ, որ վաղուց դուրս բերած է իր զօրքերը, Պաքուն` կը հերքէ, վկայաբերելով Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի՝ Յուլիսի կէսերուն տուած հարցազրոյցը, թէ Հայաստանը դուրս պիտի բերէ իր զօրքը մինչեւ Սեպտեմբեր:

«Անկէ յետոյ Երեւանը կատաղի կերպով կը փորձէ հերքել այդ խօսքերը, պնդելով, որ անոնք դուրս բերուած են ընդհանուր ծիրէն», կը գրէ միջազգային խումբը ու կը նշէ, որ այդ նպատակը կը հետապնդէր նաեւ Հայաստանի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնը անցեալ շաբթուայ կառավարութեան նիստին, թէ ՀՀ զինուած ուժերը արդէն դուրս բերուած են Լեռնային Ղարաբաղէն:

Ատրպէյճանցի ռազմական պաշտօնեաներէն մէկը, իր հերթին, Միջազգային Ճգնաժամային Խումբին ըսած է, որ Պաքուն պիտի շարունակէ գործողութիւնները, քանի դեռ Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ չէ ապառազմականացուած:

Երրորդ պահանջով Պաքուն, կարծես թէ, կը ձգտի բանակցութիւններ սկսելու Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, որով կ’ակնկալէ վերջակէտ դնել հակամարտութեան իր օգտին, կը գրեն միջազգային փորձագէտները: Թէեւ անցեալ Ապրիլին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները Պրիւքսէլի մէջ յայտարարեցին, որ պատրաստ են բանակցութիւններ սկսելու անոր շուրջ, սակայն Պաքուի մէջ կը դժգոհին, թէ այդուհետեւ դիւանագիտական շփումները շատ դանդաղ ընթացած են:

«Հայաստանի պաշտօնեաները միտումնաւոր կը ձգձգեն բանակցութիւնները», ըսած է Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչը, յաւելելով. «Անոնք կը կարծեն, որ կրնան սպասել, մինչեւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը փոխուի յօգուտ իրենց»:

Հայաստանցի պաշտօնեաներն ալ, իրենց հերթին, Պաքուն կը մեղադրեն, պնդելով որ նոյնինքն Ատրպէյճանը կը փորձէ խոչընդոտել Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` օգտուելով այն հանգամանքէն, որ հիմա աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի պատերազմին վրայ:

«Ատրպէյճանը կը փորձէ ռազմավարական առաւելութեան հասնիլ` գրաւելով Փառուխը, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքի եւ շփման գիծի մերձակայքը գտնուող դիրքերը, որոնք կը գտնուէին Ղարաբաղի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ», ըսած են հայաստանցի ու ղարաբաղցի պաշտօնեաները:

 

«Վերջին բախումները ի ցոյց դրին այն մարտահրաւէրները, որոնց կը բախի խաղաղապահ առաքելութիւնը»

Կրնա՞ն արդեօք այս պարագային ռուս խաղաղապահները կանգնեցնել Ատրպէյճանը ու պահել զինադադարը` հարց կու տան միջազգային փորձագէտները ու կ’արձանագրեն, որ Մայիսի սկիզբէն անոնք ամէնօրեայ պարեկութիւն կ’իրականացնէին Լաչինի միջանցքին մօտ գտնուող Սարիպապա բարձունքին: Ատրպէյճանի վերջին յառաջխաղացումէն օրեր առաջ, սակայն, այդ պարեկութիւնը դադրեցուած է` մինչ այժմ անյայտ պատճառներով:

«Երեւանի ու Ստեփանակերտի մէջ ոմանք դժգոհ են խաղաղապահներուն, իրենց համոզմամբ, անգործութենէն», կը գրեն փորձագէտները ու կը յաւելեն. «Չնայած պարզ ալ չէ, թէ ռուսերը իրականութեան մէջ աւելին ընելու համար ինչ կարողութիւններ ունին»:

«Խաղաղապահները յաճախ իրենց անկարող կը զգան․ բոլորը կը հասկնան, որ այսօր Ռուսիան թոյլ է առաւել քան երբեւէ միջազգային ասպարէզին մէջ», փորձագէտներուն ըսած է Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը:

«Վերջին բախումները եւս մէկ անգամ ի ցոյց դրին այն մարտահրաւէրները, որոնց կը բախի ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը», կը գրէ միջազգային խումբը, արձանագրելով, որ խաղաղապահները մինչ օրս յստակ մանտաթ չունին, եւ պարզ չէ, թէ դիտարկումէն անդին ինչ կրնան ընել:

Դեռ մէկ տարի առաջ նոյն այս փորձագիտական խումբը յորդորած էր հակամարտող կողմերուն՝ յստակացնել խաղաղապահներուն դերը․ «Այսօր, սակայն, այդա խիստ անհաւանական կը թուի` հաշուի առնելով առաքելութեան հասցէին թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ Ատրպէյճանէն հնչող քննադատութիւնները», կը յայտարարեն փորձագէտները՝ յաւելելով. «Այս հիասթափութիւնը կը սպառնայ խաթարել խաղաղապահներուն` եղած դիտարկման մանտաթը իրագործելու կարողութիւնը, եւ երբ պահը հասուննայ, միջազգային միջնորդները պէտք է յորդորէն կողմերուն վերանայիլ այս հարցը, որ այս կամ այն կերպ պիտի յայտնուի օրակարգին մէջ 2025-ին, երբ Պաքուն ու Երեւանը պէտք է իրենց համաձայնութիւնը տան առաքելութեան շարունակման»:

 

Անհրաժեշտ է, որ արտաքին բոլոր խաղցողներուն միջեւ ըլլայ համաձայնեցուած դիւանագիտութիւն, կը կարծեն փորձագէտները

Աւելի կարեւոր է, ըստ փորձագէտներուն, որ արեւմտեան մայրաքաղաքներն ու Մոսկուան թոյլ չտան, որ Ղարաբաղի հարցոէ իրենց միջնորդական ջանքերը արնաքամ ըլլան Ուքրանիոյ հարցով առկայ դիմակայութեան պատճառով:

«Նոյնիսկ այսօր, տարուած ըլլալով այդ պատերազմով, Մոսկուան աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, քան Եւրոմիութիւնը կամ Ուաշինկթընը: Ռուսիան կը շարունակէ մնալ միակ երկիրը, որ պատրաստակամ է ուժեր ուղարկելու տարածաշրջան` մնալով միաժամանակ երկու կողմերու առանցքային առեւտրային գործընկերը: Այս հարցով Մոսկուայի հետ համագործակցութիւնը, որքան ալ այդ տհաճ ըլլայ եւրոպական մայրաքաղաքներուն համար, կը մեծցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու հնարաւորութիւնները», կը յայտարարեն միջազգային փորձագէտները:

Խումբը կը պնդէ, որ վերադարձը պատերազմին դեռ կարելի է կանխել, հնարաւոր է նաեւ աջակցիլ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման ու հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղուած` նոր-նոր սկսող բանակցութիւններուն, «միայն թէ անոր համար անհրաժեշտ է, որ արտաքին բոլոր խաղցողներուն միջեւ ըլլայ համաձայնեցուած դիւանագիտութիւն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment