Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Եռակողմ Համաձայնութիւններու Կեանքի Կոչման Ձեւերը

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Եռակողմ Համաձայնութիւններու Կեանքի Կոչման Ձեւերը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին յայտնած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ համաձայնութիւններու կեանքի կոչման առանձին գործնական ձեւերը:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել շփումները տարբեր մակարդակներու վրայ:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործհերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի բարձր մակարդակի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Վերահաստատուած է յանձնառութիւնը համապարփակ եւ արդիւնաւէտ կերպով կեանքի կոչելու զանոնք, մասնաւորապէս` Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment