Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ալիեւ Եւրոխորհրդարանի Պատուիրակութեան Պաքու Այցը Օգտագործած Է Հակահայ Քարոզչութեան Համար

Ալիեւ Եւրոխորհրդարանի Պատուիրակութեան Պաքու Այցը Օգտագործած Է Հակահայ Քարոզչութեան Համար

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան Պաքու այցը օգտագործած է հակահայ քարոզչութեան համար: Ատրպէյճանի նախագահի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է լրատուամիջոցներուն մէջ: Թէ ինչ պատասխանած են եւրախորհրդարանականները` չէ տեղեկացուած:

Հակահայ քարոզչութենէն բացի` Ալիեւ, խախտելով կովկասեան հիւրընկալութեան բոլոր կանոնները, հանդիպումը օգտագործած է վիրաւորանքն ու իր յանդիմանանքը արտայայտելու համար: «Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը երկար ժամանակ չէ այցելած Ատրպէյճան: Կը յիշեմ, որ Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը վերջին անգամ եկած է 2018 թուականի վերջաւորութեան: Անկեղծ ըսած, ես նոյնիսկ զարմացայ, երբ լսեցի, որ դուք կը նախատեսէք այցելել Ատրպէյճան: Գուցէ պատճառը ձեզի յայտնի է», ըսած է Ալիեւ պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ, որ կը գլխաւորէ Եւրոխորհրդարանի միջազգային կապերու կոմիտէի նախագահ Տէյվիտ Մաքալիսթերը: «Կը յիշեմ այն հանդիպումը, ուր մենք լայնօրէն քննարկեցինք համագործակցութեան զարգացումը: Բայց, ցաւօք, այդ տեղի չունեցաւ: Պատճառը մենք չէինք, այլ Եւրոխորհրդարանի որոշ անդամներու դիրքորոշումը: Մենք այդ դիրքորոշումը կը համարենք միանգամայն չհիմնաւորուած: Մեր դէմ հնչած են մեղադրանքներ, վիրաւորանքներ, եւ տարածուած է կեղծ տեղեկատուութիւն: Ես արդէն չեմ յիշեր հակաատրպէյճանական բանաձեւերու թուաքանակի մասին, որոնք ընդունուած են Եւրոխորհրդարանի կողմէ տարբեր ժամանակներու: Գուցէ խօսքը աւելի քան 10 բանաձեւի մասին է», յանդիմանած է Ալիեւը:

Թուարկելով բոլոր յաւակնութիւնները Արցախի, Հայաստանի եւ առհասարակ հայերու հանդէպ` Ալիեւ փորձած է հիւրերը համոզել, որ հայերը «Ատրպէյճանը կը մեղադրեն այնպիսի արարքներու մէջ, որոնք մենք երբեք չենք կատարած: Ցաւօք, այդ տեղի ունեցած է»:

Ըստ էութեան, Ալիեւ ուղղակի եւրոխորհրդարանականներուն յայտարարած է, որ անոնց ամբողջ աշխատանքը ոչինչ կ’արժէ. «Ես գիտեմ, որ ձեր պատուիրակութեան շատ անդամներ քուէարկած են այս բանաձեւի օգտին: Իսկ այդ հակաարդիւնաւէտ քայլ է: Նախ` այդ սուտ է, հիմնուած մտացածին փաստերու եւ զրպարտութեան վրայ: Երկրորդ` այդ մեծ նշանակութիւն չունի: Որովհետեւ դուք, հաւանաբար, գիտէք, որ Եւրոմիութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները լաւ պատմութիւն ունին, եւ մասնաւորապէս` ներկայիս այդ կապերը կը զարգանան շատ յաջող: Դուք, հաւանաբար, գիտէք Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վօն տեր Լեյենի այցին մասին: Մենք շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցած ենք, եւ այդ մէկ անգամ եւս կ’ընդգծէ Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը աշխուժօրէն ներգրաւուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գորընթացին մէջ: Ան արդէն երեք եռակողմ հանդիպում ունեցած է` երկու կողմերու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ եւ առանձին-առանձին: Բայց, հաշուի առնելով այս ամէնը, մենք չենք հասկնար Եւրոխորհրդարանի գործողութիւնները: Իրականութեան մէջ Եւրոխորհրդարանը աւելի յարձակողական է Ատրպէյճանի հանդէպ, քան Հայաստանի խորհրդարանը: Երբեմն կը թուի, թէ այդ բանաձեւերը կ’ընդունուին Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ կամ, թերեւս, հայկական որոշ լոպպիստական խումբեր անոնց վրայ որոշակի ազդեցութիւն ունին: Հակառակ պարագային այդ շատ դժուար է բացատրել: Երբ ես ըսի, որ զարմացած եմ, նկատի ունէի այդ»:

Իլհամ Ալիեւ «պատմած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վօն տեր Լեյենի  այցելութեան կարեւորութեան մասին եւ դրական գնահատած է այցին արդիւնքները: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է, որ այցի ընթացքին ստորագրուած է Փոխըմբռնման եւ ուժանիւթային ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան յուշագիր»:

Ամփոփելով` Ալիեւը Հայաստանը մեղադրած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան շրջանակին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment