Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Աշխոյժ Դեր Կը Խաղայ Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցով․ Փրայս

ԱՄՆ Աշխոյժ Դեր Կը Խաղայ Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցով․ Փրայս

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայս պատասխանած է Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով ԱՄՆ դերին մասին հարցումին: «Մենք մշտապէս յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք փոխգործակցելու երկկողմ հիման վրայ եւ գործընկերներու հետ, այդ շարքին` ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահի մեր դերով, որպէսզի օգնենք երկիրներուն հասնիլ երկարաժամկէտ եւ համապարփակ խաղաղութեան»:

Ան ըսած է, որ ԱՄՆ-ն աշխոյժ դեր կը խաղայ կարգաւորման հարցով: «Պետական քարտուղարի օգնական Քարըն Տոնֆրիտ եւ այլ անձեր հնարաւորութիւն ունեցած են բարձր մակարդակով կապ հաստատելու իրենց հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ: Մենք ողջունած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ղեկավարներուն հանդիպումը: Մենք կը կարծենք, որ երկխօսութիւնը խաղաղ, դեմոկրատական եւ բարգաւաճ ապագայի հասնելու լաւագոյն միջոցն է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին համար, եւ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ անոր հնարաւոր բոլոր ձեւերով», ըսած է ան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment