Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ Դժուար Կացութեան Մէջ Յայտնուած Հայերուն, Եզտիներուն, Քիւրտերուն, Ասորիներուն

ՀՀ Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Իրաքեան Քիւրտիստանի Մէջ Դժուար Կացութեան Մէջ Յայտնուած Հայերուն, Եզտիներուն, Քիւրտերուն, Ասորիներուն

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը աջակցութիւն պիտի տրամադրէ ճգնաժամով պայմանաւորուած Իրաքեան Քիւրտիստանի տարբեր բնակավայրեր տեղափոխուած հայերուն, ճամբարներու մէջ բնակող եզտի փախստականներուն, ներքին տեղահանութեան ենթարկուած քիւրտերուն եւ ասորիներին: Նախագիծը ներառուած էր կառավարութեան նիստի  չզեկուցուող հարցերու օրակարգին մէջ:

Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ ճգնաժամային իրավիճակներու պատճառով Իրաքի կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններէն, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն Իրաքեան Քիւրտիստանի տարբեր բնակավայրեր տեղափոխուած հայերու շրջանակին մէջ կան կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած հայեր, որոնք մարդասիրական աջակցութեան կարիք ունին: Նման հայ ընտանիքներու թիւը, ըստ Իրաքեան Քիւրտիստանի հայ համայնքային կառոյցներու տրամադրած տուեալներուն, շուրջ 250 է:

Տեղական իշխանութիւնները, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները անոնց պարբերաբար մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրեն, որ, սակայն, բաւարար չէ անոնց բնականոն կենցաղը ապահովելու համար: Մշտապէս առկայ է սնունդի, դեղորայքի, տաք հագուստի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու կարիք:

Հայերէն զատ` ծանր կենցաղային պայմաններու մէջ յայտնուած են նաեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի ճամբարներուն մէջ բնակող եզտի փախստականները, ներքին տեղահանութեան ենթարկուած քիւրտերը եւ ասորիները:

Նախագիծով կ’առաջարկուի Էրպիլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան յատկացնել 80 հազար տոլար: Հաշուետուողականութեան եւ թափանցիկութեան ապահովման նպատակով Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը պիտի ձեւաւորէ յանձնախումբ` օգնութեան շահառուներու ցուցակներու յստակացման, պահանջուող ապրանքներու գնման, այնուհետեւ օգնութեան բաշխման աշխատանքները իրականացնելու նպատակով:

Յանձնախումբին մէջ պիտի ներառուին հայ համայնքի ղեկավարութեան անդամներ: Շուրջ 250 հայ ընտանիքներու, այսինքն` մօտ 1000 հոգիի, պիտի տրամադրուին առաջին անհրաժեշտութեան սպառման ապրանքներ` սննդամթերք, անձնական մաքրութեան պարագաներ, դեղորայք եւ այլն, իւրաքանչիւր անձին շուրջ 100 տոլարի հաշուարկով: Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր գումարի մնացորդին, որ պիտի կազմէ մօտ 30000 տոլար, ապա այն պիտի յատկացուի տարբեր ճամբարներու մէջ բնակող եզտի եւ այլ փոքրամասնութիւններու փախստականներու համար տաքացուցիչներ եւ ծածկոցներ ձեռք բերելու համար` տեղական իշխանութիւններու հետ համագործակցաբար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment